­altԼեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեան 8 ­Յու­նի­սին հան­դի­պում ու­նե­ցած է ­Պել­ճի­քա­յի հայ գա­ղու­թի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ:

­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին քննար­կո­ւած են Ար­ցա­խի ներ­քին եւ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան առն­չո­ւող հար­ցեր: ­Նա­խա­գա­հը նշած է, որ ­Պել­ճի­քա­յի հայ հա­մայն­քը մնա­յուն կեր­պով աշ­խոյժ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցած է հայ­րե­նի­քին սա­տա­րե­լու ա­ռու­մով` յոյս յայտ­նե­լով, որ նման հայ­րե­նա­նո­ւէր գոր­ծու­նէու­թիւն տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ալ ա­ւե­լի կ­՛ըն­դար­ձա­կո­ւի եւ կը զար­գա­նայ: ­Նոյն օ­րը նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեան այ­ցե­լած է Պ­րիւք­սէ­լի մէջ ­Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նա­տուն, ուր հան­դի­պում ու­նե­ցած է ­Հա­յաս­տա­նի դես­պան ­Թա­թուլ ­Մար­գա­րեա­նի եւ դես­պա­նու­թեան աշ­խա­տա­կից­նե­րուն հետ: Ար­ծար­ծո­ւած են եւ­րո­պա­կան տար­բեր կա­ռոյց­նե­րու մէջ հայ­կա­կան եր­կու հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րու փո­խա­դարձ գոր­ծակ­ցու­թեան առն­չո­ւող շարք մը հար­ցեր:

­Նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեան նշած է, որ այդ մա­կար­դա­կի վրայ առ­կայ են կա­պե­րու ըն­դար­ձակ­ման ու խո­րաց­ման բա­ւա­րար հիմ­քեր` ա­ւելց­նե­լով, որ հա­մադ­րե­լով ­Հա­յաս­տա­նի, սփիւռ­քի եւ Ար­ցա­խի ջան­քե­րը՝ կա­րե­լի է յա­ջո­ղու­թեամբ ի­րա­կա­նաց­նել ո­րե­ւէ ա­ռա­ջադ­րանք: