altՀ.Յ.Դ. խմբակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Ար­մէն ­Ռուս­տա­մեան, Ազ­գա­յին ժո­ղո­վին մէջ լրագ­րող­նե­րու հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցի ըն­թաց­

քին, հաս­տա­տած է, որ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը կողմ է ­Ռու­սիոյ հետ հա­կաօ­դա­յին պաշտ­պա­նու­թեան միաս­նա­կան հա­մա­կարգ ստեղ­ծե­լու հա­մա­ձայ­նա­գի­րին:

Անդ­րա­դառ­նա­լով այդ հա­մա­ձայ­նա­գի­րին առն­չու­թեամբ հնչող դժգո­հու­թիւն­նե­րուն` ան նշած է, որ ի­րենք միշտ ներ­կա­յա­ցու­ցած են ի­րենց այն դիր­քո­րո­շու­մը, ո­րուն հա­մա­ձայն՝ ե­թէ չու­նիս ա­ւե­լի լաւ հա­մա­կարգ, պէտք է զօ­րաց­նես ու­նե­ցածդ:

«­Հի­մա մենք ե­ղա­ծէն կրնանք դժգո­հու­թիւն­ներ ու­նե­նալ, եւ ու­նի՛նք, կը կի­սենք այն մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը, որ ե­ղան ապ­րի­լեան պա­տե­րազ­մէն ետք, մենք այդ մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը յայտ­նած ենք, բայց պէտք չէ իյ­նալ միւս ծայ­րա­յե­ղու­թեան մէջ: Այ­սինքն՝ բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք դէմ են, ի­րենք ա­ւե­լի լաւ ա­ռա­ջարկ ու­նի՞ն: Ես կը կար­ծեմ, որ մենք այ­սօր չու­նինք այ­լընտ­րանք, քան այն, ինչ որ կայ մեր ձեռ­քին տակ»,- ը­սած է ­Ռուս­տա­մեան:

Ար­մէն ­Ռուս­տա­մեա­նի հա­մա­ձայն, պէտք չէ ապ­րի­լեան քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մին ար­դիւնք­նե­րը ներ­կա­յաց­նել այդ­քան ծայ­րա­յեղ յո­ռե­տե­սու­թեամբ: «Կ­՛ը­սեն, թէ այդ պա­տե­րազ­մը ցոյց տո­ւաւ, որ մեր անվ­տան­գու­թեան հա­մա­կար­գը լաւ չէ: ­Գի­տէք, ի վեր­ջոյ մենք ապ­րի­լեան պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին յա­ջո­ղու­թեան հա­սած ենք:

Մենք կա­սե­ցու­ցած ենք թշնա­միին յար­ձա­կու­մը: Ե­թէ անվ­տան­գու­թեան հա­մա­կար­գը այդ­քան վատ ըլ­լար, մենք նոյ­նիսկ ա­տի­կա պի­տի չկա­րե­նա­յինք ը­նել: ­Պէտք չէ իյ­նալ միւս ծայ­րա­յե­ղու­թեան մէջ եւ ը­սել, թէ ինչ որ մենք մին­չեւ հի­մա ու­նե­ցած ենք, սխալ է, պէտք է ջնջենք ա­մէն ինչ ու սկսինք զե­րո­յէն:

­Մենք նախ պէտք է հաս­կա­նանք, որ միաս­նա­կան հա­կաօ­դա­յին պաշտ­պա­նու­թեան հա­մա­կար­գի ստեղ­ծու­մը կ­՛են­թադ­րէ ընդ­հա­նուր շրջա­նա­յին անվ­տան­գու­թեան ա­պա­հով­ման խնդի­րին լու­ծու­մը: Իսկ մենք միայն մէկ սահ­մա­նով կռիւ չու­նինք: ­Մենք ու­նինք պա­տե­րազ­մա­կան ի­րա­վի­ճակ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ, բայց կայ նաեւ ­Թուր­քիան, որ մեր քի­թին տակ կը դա­սա­ւո­րո­ւի եւ սպառ­նա­լիք է մե­զի հա­մար:

Ա­նոնց եր­րորդ դաշ­տա­յին բա­նա­կը տե­ղա­կա­յո­ւած է մեր սահ­ման­նե­րուն մօտ: Այ­սինքն, այդ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը պէտք է տրա­մա­բա­նո­ւած ըլ­լան, եւ մար­դիկ պէտք է հասկ­նան, որ նման յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը մեր շա­հե­րէն չեն բխիր»,- հաս­տա­տած է ­Ռուս­տա­մեան: