­altՅու­նիս 24ին Հ­ռո­մի Սր­բա­զան ­Քա­հա­նա­յա­պետ Ֆ­րան­չիս­կոս ­Պա­պը պի­տի ժա­մա­նէ ­Հա­յաս­տան: ­Պա­պի հա­յաս­տա­նեան այ­ցի օ­րա­կար­գը ­Յու­նիս 5ին ներ­կա­յա­ցու­ցած է ­Մայր Ա­թոռ ­Սուրբ Էջ­միած­նի միջ-ե­կե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու

պա­տաս­խա­նա­տու ­Շա­հէ ­Ծայ­րա­գոյն ­Վար­դա­պետ Ա­նա­նեան:

Ա­նոր տե­ղե­կաց­մամբ` ե­ռօ­րեայ այ­ցի ծի­րէն ներս, Ե­րե­ւա­նի «­Զո­ւարթ­նոց» օ­դա­կա­յա­նին մէջ դի­մա­ւոր­ման պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք, ­Պա­պը պի­տի մեկ­նի ­Մայր Ա­թոռ Ս. Էջ­միա­ծին. ­Մայր ­Տա­ճա­րին մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ բա­րի գա­լուս­տի` «Հ­րա­շա­փառ»ի ա­րա­րո­ղու­թիւն: ­Նոյն օ­րը ե­րե­կո­յեան, Սր­բա­զան ­Քա­հա­նա­յա­պե­տը Հ.Հ. նա­խա­գա­հա­կան նստա­վայ­րին մէջ հան­դի­պում պի­տի ու­նե­նայ նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի հետ: Այ­ցի ա­ռա­ջին օ­րը պի­տի ամ­փո­փո­ւի ­Մայր Ա­թոռ Ս. Էջ­միած­նին մէջ կա­յա­նա­լիք Ֆ­րան­չիս­կոս ­Պա­պի եւ ­Գա­րե­գին 2րդ Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սի հան­դիպ­մամբ:

­Նոյն օ­րը ե­րե­կո­յեան մայ­րա­քա­ղա­քի հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ընդ­հան­րա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն եւ ­Խա­ղա­ղու­թեան ա­ղօթք: ­Շա­հէ ­Ծայ­րա­գոյն ­Վար­դա­պետ Ա­նա­նեա­նի խօս­քով` սա ­Պա­պի հա­յաս­տա­նեան այ­ցի ծի­րէն ներս, թե­րեւս, ա­մե­նա­հան­դի­սա­ւոր ու մար­դա­շատ մի­ջո­ցա­ռումն է:

­Յու­նիս 26ին, ­Մայր Ա­թոռ Ս. Էջ­միա­ծի­նի մէջ, ­Պա­պը հան­դի­պում պի­տի ու­նե­նայ ­Հայ կա­թո­ղի­կէ Ե­պիս­կո­պոս­նե­րու հետ, պի­տի մաս­նակ­ցի Ս. ­Պա­տա­րա­գի ա­րա­րո­ղու­թեան ու ընդ­հա­նուր ճաշ­կե­րոյ­թին` Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սի, ­Հա­յաս­տա­նեայց ա­ռա­քե­լա­կան, ինչ­պէս նաեւ հայ կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ան­դամ­նե­րու ու պա­պա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան հետ:

­Նոյն օ­րը կը նա­խա­տե­սո­ւի հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թեան ստո­րագ­րում: ­Յայ­տա­րա­րու­թեան բնա­գի­րը նա­խա­պէս պի­տի տրա­մադ­րո­ւի լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րուն: ­Հո­վո­ւա­պետ­նե­րը նաեւ ա­ղօթք պի­տի մա­տու­ցա­նեն ­Խոր ­Վի­րա­պի վան­քին մէջ, որ­մէ ետք Հ­ռո­մի սրբա­զան քա­հա­նա­յա­պե­տը Ե­րե­ւա­նէն պի­տի մեկ­նի Հ­ռոմ:

­Մայր Ա­թոռ ­Սուրբ Էջ­միա­ծի­նի միջ-ե­կե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տուն ­Կա­թո­լիկ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վո­ւա­պե­տին հա­յաս­տա­նեան այ­ցի նշա­նա­կու­թիւ­նը կ­՛ո­րա­կէ բազ­մա­շերտ ու քա­նի մը շեշ­տադ­րում­ներ կ­՛ը­նէ: ­Նախ` 2015ի Ապ­րի­լին Ֆ­րան­չիս­կոս ­Պա­պը խոս­տա­ցած էր այ­ցե­լել ­Հա­յաս­տան, երկ­րորդ` որ ա­ռա­քե­լա­կան եւ կա­թո­լիկ ե­կե­ղե­ցի­նե­րը բա­րե­կա­մա­կան ջերմ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նին եւ այ­ցը ա­տի­կա ամ­րապն­դե­լու եւ նոր հե­ռանկ­րա­ներ բա­նա­լու նպա­տակ ու­նի:

Այ­ցի եր­րորդ կա­րե­ւո­րա­գոյն նշա­նա­կու­թիւ­նը. եր­կու հո­վո­ւա­պետ­նե­րուն խա­ղա­ղու­թեան ա­ղօթ­քը տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­ման ու կրօ­նա­կան հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան հրա­շա­լի ու­ղերձ կրնայ ըլ­լալ: