Յունաստանի «Էֆիմերիտա թոն Սինտաքթոն» հեղինակաւոր լրագիրը, երեք շաբաթավերջերու իր յաջորդական թիւերով, լայն ու բազմաբովանդակ անդրադարձ մը կատարած է Արցախի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած յարձակումին մասին, տեղ տալով պետական ներկայացուցիչներու եւ անհատներու կարեւոր վկայութիւններու։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ եւ աջակցութեամբ՝ յունական թերթին թղթակիցը՝ Նիքոլաս Զիրղանոս, գործուղուած ըլլալով Արցախ, այցելեց Թալիշ ու Մատաղիս եւ Մարտակերտ, ներկայ եղաւ Մայիս 9ի յաղթական ոգեկոչումներուն եւ Ստեփանակերտի յուշահամալիրի տօնական միջոցառումներուն, Շուշիի մէջ մատուցուած Պատարագին, տեղւոյն վրայ պատրաստեց իր թղթակցութիւնները եւ վաւերագրական ու զգայացունց նկարագրումներ հրապարակեց։
Առաջին նիւթը կը վերաբերէր ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանի հետ իր ունեցած հետաքրքրական հարցազրոյցին, որ լայն արձագանգ գտաւ նաեւ համացանցի ելեկտրոնային միջոցներու մէջ։
Երկրորդ նիւթը՝ «Մոռցուած պատերազմ մը դարձեալ կը բռնկի» խորագիրով, Աղտամի, Թալիշի, Մարտակերտի ու Մատաղիսի մէջ իր շրջագայութիւններն էին եւ տեղւոյն վրայ կատարուած հանդիպումներն ու զրոյցները։ Տեղ տրամադրուած էր Մարտակերտի ղեկավար, Լ.Ղ.Հ. կրթութեան նախկին նախարար Վլատիկ Խաչատրեանի հետ հանդիպման եւ անոր հաղորդած տեղեկութիւններուն։
Երրորդ եւ վերջին նիւթը՝ «Ազերիներ եւ հայեր՝ խաղաղութեան բանակցութիւններու սեղանին շուրջ» խորագիրով, կ՚ընդգրկէր Լ.Ղ.Հ. Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի հետ հարցազրոյցը, Լ.Ղ.Հ. մշակոյթի նախարար Նարինէ Աղապալեանի, խորհրդարանական եւ Ստեփանակերտի մշակութային կեդրոնի նախկին տնօրէնուհի Լիւտմիլա Բարսեղեանի ու Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի հետ հարցազրոյցները։
Քառօրեայ պատերազմի նկարագրականներու կողքին, յոյն թղթակիցը հիացմունքով կ՚արտայայտուէր Արցախի գեղեցիկ բնութեան ու ժողովուրդի առօրեայ զբաղումներուն, զինուորներու զգացումներուն մասին, ու գովասանքով կը նշէր հերոսական իրենց կեցուածքը։ Նիքոլաս Զիրղանոս փորձառու թղթակից է եւ երկարամեայ գործունէութիւն ունի յունական մամուլի հեղինակաւոր ու ազդեցիկ թերթերու եւ ելեկտրոնային միջոցներու մէջ։