­­altՄա­յիս 30էն ­­Յու­նիս 1, UNESCOի կեդ­րո­նին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցած է «Ոչ-նիւ­թա­կան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան մա­սին» 2003թ. ­­Պայ­մա­նադ­րու­թեան ան­դամ պե­տու­թիւն­նե­րու Գլ­խա­ւոր ­­Հա­մա­ժո­ղո­վի 6րդ նս­տաշր­ջա­նը, ո­րու ըն­թաց­քին

կա­յա­ցած են պայ­մա­նադ­րու­թեան միջ-կա­ռա­վա­րա­կան ­­Կո­մի­տէի ընտ­րու­թիւն­նե­րը` 2016-2020թթ. ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծի ան­դա­մակ­ցու­թեան հա­մար: Այս մա­սին կը յայտ­նեն ­­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան (Ա.Գ.Ն.) մա­մու­լի ծա­ռա­յու­թե­նէն:

Երկ­րորդ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին խում­բէն (Ա­րե­ւե­լեան Եւ­րո­պա­յի եր­կիր­ներ) չորս տա­րի ժամ­կէ­տով ընտ­րո­ւե­ցաւ ­­Հա­յաս­տա­նը` ստա­նա­լով պայ­մա­նադ­րու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րու միա­ձայն ա­ջակ­ցու­թիւ­նը:

­­Միւս խում­բե­րէն ընտ­րո­ւե­ցան ­­Կիպ­րո­սը, Աւստ­րիան, ­­Կո­ւա­թե­մա­լան, ­­Քո­լում­պիան, ­­Քու­պան, ­­Ֆի­լի­փին­նե­րը, ­­Զամ­պիան, ­­Սե­նե­կա­լը, ­­Մաւ­րի­քիո­սը, ­­Պա­ղես­տի­նը եւ ­­Լի­բա­նա­նը: ­­Տե­ղե­կանք. միջ-կա­ռա­վա­րա­կան ­­Կո­մի­տէն ­­Պայ­մա­նադ­րու­թեան գլխա­ւոր մար­մին­նե­րէն մէկն է:

Ա­նի­կա ստեղ­ծո­ւած է ­­Պայ­մա­նադ­րու­թեան 5րդ ­յօ­դո­ւա­ծին հա­մա­ձայն, ու­նի 24 ան­դամ`տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին վեց խում­բե­րէ: ­­Կո­մի­տէի ան­դա­մը ան­մի­ջա­պէս վե­րընտ­րո­ւե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն չու­նի: ­­Կո­մի­տէի կա­րե­ւոր գոր­ծա­ռոյթ­նե­րէն է, ­­Պայ­մա­նադ­րու­թեան մէջ սահ­մա­նո­ւած ցան­կե­րով ար­ձա­նագ­րո­ւե­լու նպա­տա­կով, ան­դամ պե­տու­թիւն­նե­րուն կող­մէ ներ­կա­յա­ցո­ւած յայ­տե­րու առն­չու­թեամբ վերջ­նա­կան ո­րո­շում կա­յաց­նե­լը:

Գլ­խա­ւոր ­­Հա­մա­ժո­ղո­վը, ո­րուն նստաշր­ջա­նը կը գու­մա­րո­ւի եր­կու տա­րին մէկ, ի թիւս այլ գոր­ծա­ռոյթ­նե­րու, կ’ընտ­րէ 12 նոր ան­դամ­ներ: