alt«­Հա­յաս­տան» ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մը կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ ­Մա­յիս 30ին պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը պաշ­տօ­նա­պէս բա­ցու­մը կա­տա­րած է Ի­ւա­նեան հա­մայն­քի (Աս­կե­րա­նի շրջան) նո­րա­կա­ռոյց ման­կա­պար­տէ­զին:

 

­Հիմ­նադ­րա­մի ­Թո­րոն­թո­յի տե­ղա­կան մար­մի­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ եւ Լ.Ղ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թեան հա­մատն­տե­սա­ւոր­մամբ կեան­քի կո­չո­ւած կրթօ­ճա­խը եր­կա՜ր սպա­սո­ւած նո­ւէր մըն էր 1450 բնա­կիչ ու­նե­ցող հա­մայն­քին հա­մար, որ 1992թ­.ի ա­զա­տագ­րու­մէն ի վեր ման­կա­պար­տէ­զի կա­րիք ու­նէր: ­Նո­րա­կա­ռոյ­ցը՝ գու­նեղ ու գրա­ւիչ յար­դա­րան­քով, ժա­մա­նա­կա­կից յար­մա­րու­թիւն­նե­րով, կեդ­րո­նա­ցո­ւած ջե­ռուց­մամբ, բա­րե­կարգ բա­կով, խա­ղահ­րա­պա­րա­կով, կրթու­թեան եւ խնամ­քի հա­մար վա­յե­լուչ պայ­ման­ներ կ­’ա­պա­հո­վէ ա­ւե­լի քան 60 ե­րե­խա­յի հա­մար:

­Բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան յա­ջոր­դած է պա­տո­ւի­րա­կու­թեան այ­ցե­լու­թիւ­նը ման­կա­պար­տէ­զի հա­րե­ւա­նու­թեամբ կա­ռու­ցո­ւող հա­մայն­քա­յին կեդ­րոն, որ նոյն­պէս թո­րոն­թո­հա­յե­րուն նո­ւէրն է ար­ցախ­ցի­նե­րուն:

­Մայ­րա­քա­ղաք Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը այ­ցե­լած է թիւ 9 միջ­նա­կարգ դպրո­ցը, որ կը վե­րա­կա­ռու­ցո­ւի ­Հիմ­նադ­րա­մի Ա.Մ.Ն. Ա­րեւմ­տեան Շր­ջա­նի տե­ղա­կան մար­մի­նի բա­րե­րար ­Ճե­րալտ ­Թուր­փան­ջեա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ եւ Լ.Ղ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թեան հա­մատն­տե­սա­ւոր­մամբ: Կր­թօ­ճա­խը, ուր կ­’ու­սա­նի 385 ա­շա­կերտ, կ­’ա­պա­հո­վէ հան­րակր­թա­կան, նե­րա­ռա­կան, ինչ­պէս նաեւ խօս­քի ու լսո­ղա­կան խան­գա­րում­ներ ու­նե­ցող­նե­րու հա­մար յա­տուկ կրթու­թիւն:

53 սան ալ նա­խադպ­րո­ցա­կան կրթու­թիւն կը ստա­նայ հոն: Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը ծա­նօ­թա­ցած է նաեւ ու­ռուց­քա­բա­նա­կան կեդ­րո­նի լայ­նա­ծա­ւալ շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն: Ֆ­րան­սա­յի տե­ղա­կան մար­մի­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ եւ Լ.Ղ.Հ.կա­ռա­վա­րու­թեան հա­մատն­տե­սա­ւոր­մամբ կա­ռու­ցո­ւող կեդ­րո­նը իր տեխ­նի­կա­կան յա­գե­ցո­ւա­ծու­թեամբ հնա­րա­ւո­րու­թիւն կու տայ ի­րա­կա­նաց­նե­լու ո­լոր­տի բու­ժա­կան եւ ախ­տո­րո­շիչ ար­դիա­կան մի­ջամ­տու­թիւն­ներ:

­Մա­յիս 31ին, ար­ցա­խեան այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու ա­ւար­տին, պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը հիւ­րըն­կա­լո­ւած է ­Շու­շիի Եզ­նիկ ­Մո­զեան ար­հես­տա­գոր­ծա­կան ու­սում­նա­րա­նին կող­մէ, ո­րու յար­կի տակ ար­դէն մէկ տա­րի է կ’ու­սա­նին Ար­ցա­խի տար­բեր շրջան­նե­րէն ե­կած պա­տա­նի­ներ:

Ար­ցա­խի մէջ շի­նա­րա­րա­կան ար­հեստ­նե­րու միակ մաս­նա­գի­տա­կան այս կրթօ­ճա­խը կա­ռու­ցո­ւած է Ֆ­րան­սա­յի տե­ղա­կան մար­մի­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ (Եզ­նիկ ­Մո­զեա­նի կտա­կով)՝ օգ­տա­գոր­ծե­լով Ֆ­րան­սա­յի նմա­նա­տիպ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու օ­րի­նա­կը: Ու­սում­նա­րա­նը նա­խա­տե­սո­ւած է 450 ու­սա­նո­ղի հա­մար, ո­րոնք ե­ռա­մեայ հան­րակր­թա­կան ու մաս­նա­գի­տա­կան կրթու­թիւն ստա­նա­լէ ետք կը լրաց­նեն Ար­ցա­խի մէջ ո­րա­կեալ շի­նա­րար­նե­րու պա­հան­ջար­կը: Ծ­րա­գի­րը հա­մատն­տե­սա­ւո­րած է Լ.Ղ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը: