altՀ.Հ. Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վին մէջ քննար­կո­ւած է տնտե­սա­կան ո­լոր­տի 2015ի պիւտ­ճէի կա­տա­րո­ղա­կա­նը: ­Հիմ­նա­կան զե­կու­ցո­ղին՝ տնտե­սու­թեան նա­խա­րար Ար­ծո­ւիկ ­Մի­նա­սեա­նին հարց ուղ­ղած է Ա.Ժ. ­Հան­րա­պե­տա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան խմբակ­ցու­թեան

պատ­գա­մա­ւոր ­Խոս­րով ­Յա­րու­թիւ­նեան` ներդ­րու­մա­յին մի­ջա­վայ­րի վե­րա­բե­րեալ, ը­սե­լով, որ ե­թէ ի­րա­կա­նա­ցած է լուրջ վեր­լու­ծու­թիւն ներդ­րու­մա­յին մի­ջա­վայ­րին վե­րա­բե­րեալ, ուս­տի ի՞նչ հա­մե­մա­տու­թիւն­ներ կան այլ եր­կիր­նե­րու հետ, ի՞նչ ա­ռա­ւե­լու­թիւն­ներ ու­նինք, որ կը գրա­ւէ ներդ­րող­նե­րը: ­Պատ­գա­մա­ւո­րը հարց տո­ւած է, ար­դեօ՞ք հար­կա­յին օ­րէնս­գիր­քը հա­մա­հունչ է ներդ­րու­մա­յին հա­յե­ցա­կար­գին:

Ըստ պատ­գա­մա­ւո­րին՝ հար­կա­յին նոր օ­րէնս­գիր­քը կը հե­տապն­դէ ֆիս­քալ (ե­լեւմ­տա­կան) նպա­տակ­ներ եւ հոն չկան խթա­նող դրոյթ­ներ հարկ­ման վե­րա­բե­րեալ, ո­րոնք կրնա­յին ներգ­րա­ւել ներդ­րող­նե­րը:

­Նա­խա­րա­րին խօս­քով` ներդ­րու­մա­յին ո­լոր­տին մէջ լուրջ աշ­խա­տանք­ներ տա­րո­ւած են քար­տէ­զագր­ման բնա­գա­ւա­ռէն ներս, մշա­կո­ւած են ո­րոշ հա­յե­ցա­կար­գա­յին մօ­տե­ցում­ներ:
­Հիմ­նա­կա­նը այն է, որ օ­տա­րերկ­րեայ ներդ­րում­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան նոր հա­մա­կարգ պէտք է մշա­կո­ւի ու ներդ­րո­ւի: ­Ներդ­րու­մա­յին քա­ղա­քա­ղա­կա­նու­թեան ո­լոր­տին մէջ պէտք է հիմ­նո­վին վե­րա­նա­յո­ւի մինչ այժմ կի­րա­ռո­ւող մօ­տե­ցում­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ա­ռան­ձին մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու կող­մէ ցու­ցա­բե­րո­ւող մօ­տե­ցում­նե­րը:

«­Մենք պէտք է ներդ­րում­նե­րի պաշտ­պա­նու­թեան մա­սով ար­դիւ­նա­ւէտ հա­մա­կարգ ու­նե­նանք, որ թէ՛ տե­ղա­կան, թէ՛ օ­տա­րեր­կեայ ներդ­րող­նե­րը ու­նե­նան բա­ցար­ձակ պաշտ­պա­նու­թիւն: ­Հա­կա­ռակ դէպ­քում մենք ստի­պո­ւած պէտք է լի­նենք պայ­քա­րե­լու նրա դէմ, որ տե­ղա­կան ներդ­րող­նե­րը գնան այլ երկ­րում ներդ­րում կա­տա­րեն, որ այն­տեղ հա­մա­րո­ւեն օ­տա­րերկ­րեայ ներդ­րող ու պաշտ­պա­նո­ւեն, մինչ­դեռ մենք պէտք է մեր երկ­րում ստեղ­ծենք այդ­պի­սի պաշտ­պա­նա­կան հա­մա­կարգ»,- ը­սած է ան