Մայիս 28ի երեկոյեան, Հայատանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը 7-1 արդիւնքով պատմական յաղթանակ մը արձանագրեց Կուաթեմալայի ազգային հաւաքականին դէմ, Քարսըն քաղաքի «ՍթապՀապ» մարզադաշտին վրայ։
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 98ամեակին նուիրուած մրցումէն առաջ ներկաները վայելեցին ազգային-հայրենասիրական երգեր, որմէ ետք կատարուցան Միացեալ Նահանգներու, Կուաթեմալայի եւ Հայաստանի քայլերգները։ Հայաստանի քայլերգը երգեց Մարիէթ Սիւտճեան։
Աւարտին, Քարսընի քաղաքը բաժակ մը յանձնեց Հայաստանի հաւաքականին։