Շաբաթ՝ 28 Մայիսին, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան առիթով, Հ.Յ.Դ. Երեւանի Քաղաքային Կոմիտէին կազմակերպութեամբ, Վահան Յովհաննիսեանի շիրիմին շուրջ, տեղի ունեցած է խոստման եւ երդման
արարողութիւն: Ձեռնարկին սկիզբը, ներկաները յարգանքի տուրք մատուցանած են Արամ Մանուկեանի յիշատակին եւ ծաղկեպսակ զետեղած են անոր շիրիմին վրայ:
Երդման արարողութենէն առաջ ելոյթ ունեցած է Հ.Յ.Դ. Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան.-
«Կը շնորհաւորեմ բոլորդ Մայիս 28ի առիթով: Ոեւէ ժողովուրդի համար չկայ աւելի մեծ տօն, քան իր ժողովուրդին անկախութեան տօնը: Ոեւէ ժողովուրդ չի կրնար լիարժէքօրէն դրսեւորուիլ, առանց անկախ պետականութեան: Մայիսի 28ը կերտած մեր նախնիները հիմը դրին, որ այսօր մենք ունենանք նորանկախ պետութիւն, նոր խնդիրներ, նոր մարտահրաւէրներ:
Բայց հպարտ ենք, որ ենք աշխարհի այն ժողովուրդներէն, որոնք կրցած են իրենց ինքնուրոյնութիւնը, իրենց տեսակը, իրենց պետականութիւնը ստեղծել: Կարեւոր է այն, որ մենք այսօր հաւաքուած ենք Վահան Յովհաննիսեանի շիրիմին մօտ եւ նշանակալի է, որ այստեղ երդման արարողութիւն կը կատարենք: Ամէն դաշնակցականի համար ամէնէն յիշարժան ու կարեւոր օրերէն մէկն է: Ես, որ իմ կեանքիս ընթացքին հազար բանի ականատես եղած եմ ու շատ բան մոռցած, մէկ բան երբեք չեմ մոռցած` իմ դաշնակցական երդման օրը. 26 Ապրիլ 1990 թուականը»,- ըսած է Աղուան Վարդանեան:
Այնուհետեւ, Հ.Յ.Դ. համակիրներու 28 հոգինոց խումբ մը համալրած է կուսակցութեան շարքերը` երդուելով կուսակցութեան այն դրօշին վրայ, զոր բանտարկուած ատեն ճաղերուն ետեւէն ծածանած էր Վահան Յովհաննիսեան: Երդման արարողութենէն ետք հնչած են շնորհաւորանքներ` ուղղուած նոր անդամագրուած երիտասարդներուն, ինչպէս նաեւ` աւանդական երգեր: