Երեւանի մեթրոյի «Հանրապետութեան Հրապարակ» կայարանի յարակից այգիին մէջ, Մայիս 29ին, տեղի ունեցաւ Գարեգին Նժդեհի արձանի հանդիսաւոր բացումը, որուն նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ ներկայ էին շարք մը բարձ
րաստիճան պաշտօնեաներ:
Ինչպէս կը տեղկացնէ «Արմէնփրես», արձանին բացումը կատարեցին Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանն ու Նժդեհի ծոռը` Արմէն Բաբայեան:
Արձանին հեղինակ Գագիկ Ստեփանեանի խօսքով` այս արձանով ինք կերտած է Գարեգին Նժդեհի հաւաքական կերպարը, իսկ արձանին վերաբերեալ հնչող բազմաթիւ բացասական կարծիքների առնչութեամբ ան ըսած է.- «Երբ որ արձանը տեղադրում էին՝ շատերը շնորհաւորեցին, հիացմունքն արտայայտեցին, սակայն ոչ իմ խօսքին հաւատացէք, ոչ էլ միւսների, դուք ձեր կարծիքը ունեցէք: Կատարեալ է արուած ե՛ւ ճարտարապետական լուծումը, ե՛ւ ներդաշնակ կապը ճարտարապետութեան եւ այս տարածքի հետ: Չկայ այնպիսի աշխատանք, որում խնդիր չլինի, սակայն բոլոր խնդիրները փորձել ենք յաղթահարել»,- նշած է քանդակագործը:
Քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան նոյնպէս չհամաձայնեցաւ արձանի վերաբերեալ հնչող բացասական կարծիքներուն հետ:
«Երեւանի սրտում Գարեգին Նժդեհի արձանը կանգնեցնելը ինձ համար հպարտութիւն է: Իսկ ինչ մնում է արտաքին տեսքին, ամէն մարդ իր տեսակէտն ունի: Կարեւորը, որ Երեւանում Նժդեհն իր տեղն ունեցաւ»,- ըսած է քաղաքապետը։