alt27 ­Մա­յի­սին, Հ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թեան ըն­դու­նե­լու­թիւն­նե­րու տան մէջ, տե­ղի ու­նե­ցած է «­Հա­յաս­տան» ­Հա­մա­հայ­կա­

կան ­Հիմ­նադ­րա­մի հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դի եւ տե­ղա­կան մար­մին­նե­րու 25րդ ­միա­ցեալ նիս­տը, զոր վա­րած է խոր­հուր­դի նա­խա­գահ, ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան:

­Հիմ­նադ­րա­մի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Ա­րա ­Վար­դա­նեան լրագ­րող­նե­րուն հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին յայտ­նած է, որ «­Հա­յաս­տան» ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մի «­Մա­րա­թոն-2016»ի հա­սոյ­թը պի­տի տրա­մադ­րո­ւի Ար­ցա­խի քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մի քան­դում­նե­րը վերց­նե­լուն, ե­թէ այլ ա­ռա­ջարկ­ներ չներ­կա­յա­ցո­ւին:

­Պա­տաս­խա­նե­լով այն հար­ցու­մին, թէ որ­քա՞ն գու­մար կը պա­հան­ջո­ւի ծրա­գի­րի ի­րա­գործ­ման հա­մար՝ Ա­րա ­Վար­դա­նեան նշած է, որ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը սկսած է հա­շիւ­նե­րու, սա­կայն տա­կա­ւին յստակ չէ, թէ որ­քա՞ն գու­մար անհ­րա­ժեշտ է: «Օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը պէտք է լի­նի բազ­մա­շերտ՝ սկսած դե­ղո­րայ­քի ա­ռա­քու­մից մին­չեւ տնե­րի վե­րա­նո­րո­գում, ըն­տա­նիք­նե­րին ա­ջակ­ցու­թեան տրա­մադ­րում:

Այն ըն­տա­նիք­նե­րում, որ­տեղ ե­ղել են զոհուած­ներ, նրանց ա­ւե­լի մեծ օգ­նու­թիւն կը տրա­մադ­րո­ւի: Ա­ջակ­ցու­թեան ձե­ւե­րը դեռ կոնկ­րե­տաց­ման (ո­րո­շա­կիաց­ման) փու­լում են։ ­Քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մի ա­ւե­րա­ծու­թիւն­նե­րից բա­ցի, Ար­ցա­խում կան բազ­մա­թիւ խնդիր­ներ՝ լի­նի ջրա­տար­նե­րի կա­ռու­ցում, դպրոց­նե­րի շի­նա­րա­րու­թիւն եւ այլն: ­Պար­զա­պէս այս տա­րի ա­ւե­լի շատ կենտ­րո­նա­նա­լու ենք այն շրջան­նե­րի վրայ, ո­րոնք ա­ւե­լի շատ են վնա­սո­ւել այդ օ­րե­րի ըն­թաց­քում», նշած է ան:

Ըստ օ­րա­կար­գին՝ ­Հա­յաս­տան հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Ա­րա ­Վար­դա­նեան ներ­կա­յա­ցու­ցած է 2015 թո­ւա­կա­նին կա­տա­րո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հիմ­նադ­րա­մին գոր­ծա­դիր վար­չու­թեան հաշուետո­ւու­թիւ­նը:

Օ­րա­կար­գի յա­ջորդ հար­ցը՝ «­Հա­յաս­տան» ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մի «­Մա­րա­թոն-2016»ի նպա­տա­կաուղ­ղուա­ծու­թեան մա­սին էր. այդ մա­սին զե­կու­ցած է ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեան, որ ­Ղա­րա­բա­ղի ժո­ղո­վուր­դին եւ իր ա­նու­նով խո­րին ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նած է ամ­բողջ հայ ժո­ղո­վուր­դին, ­Հա­յաս­տա­նին եւ Ս­փիւռ­քին՝ ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հին գլխա­ւո­րու­թեամբ, Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ սան­ձա­զեր­ծո­ւած պա­տե­րազ­մի ծանր օ­րե­րուն ­Ղա­րա­բա­ղին սա­տար կանգ­նե­լու հա­մար: Ան ընդգծած է, որ հայ ազ­գը ու­նի իւ­րա­յա­տուկ ու­նա­կու­թիւն՝ հա­մախմ­բո­ւե­լու ճա­կա­տագ­րա­կան պա­հե­րուն եւ լու­ծում տա­լու հա­մազ­գա­յին կա­րե­ւո­րա­գոյն խնդիր­նե­րուն:

Ան ա­ռա­ջար­կած է «­Հե­ռուս­տա­մա­րա­թոն-2016»ի ծրա­գի­րին մէջ նե­րառ­նել ապ­րի­լեան պա­տե­րազ­մէն տու­ժած բնա­կա­վայ­րե­րուն վե­րա­կանգ­նու­մը: Ա­ռա­ջար­կը ըն­դու­նո­ւած է եւ ընդգրկո­ւած 2016 թո­ւա­կա­նի հե­ռուս­տա­մա­րա­թո­նի ծրա­գի­րին մէջ: ­Խոր­հուր­դը միա­ձայ­նու­թեամբ հաս­տա­տած է «­Մա­րա­թոն-2016»ի նպա­տա­կաուղ­ղո­ւա­ծու­թեան մա­սին զե­կոյ­ցը: