Հ.Հ. նա­խա­գա­հի նստա­վայ­րին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ­է ­Հա­յաս­տա­նի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի 2015 թո­ւա­կա­նի մրցա­նակ­նե­րու յանձն­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը:

Շարք մը բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ ի­րենց ներդ­րած նշա­նա­կա­լի ա­ւան­դի հա­մար շնոր­հո­ւած մրցա­նակ­նե­րը` հա­մա­նուն վկա­յա­գի­րը եւ դրա­մա­կան պար­գե­ւը, մրցա­նա­կա­կիր­նե­րուն յանձ­նած են նա­խա­գահ ­­Սերժ ­­Սարգ­սեա­ն­ եւ «­­Ռո­բերտ ­­Պօ­ղո­սեան եւ որ­դի­ներ» հիմ­նադ­րա­մի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, սփիւռ­քա­հայ բա­րե­րար Ալ­բերտ ­­Պօ­ղո­սեա­ն:

­Նա­խա­գա­հի հրա­մա­նա­գիր­նե­րով՝­­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման գոր­ծին մէջ նշա­նա­կա­լի ա­ւանդ ներդրած ան­ձե­րու 2015 թո­ւա­կա­նի մրցա­նա­կը շնոր­հո­ւած է ­­Փի­թըր ­­Պա­լա­քեա­նին (Ա.Մ.Ն.)` գե­ղա­րո­ւես­տա­կան խօս­քի մի­ջո­ցով ­­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը` որ­պէս հա­մա­մարդ­կա­յին խնդիր աշ­խար­հին ներ­կա­յաց­նե­լու եւ լու­սա­բա­նե­լու հա­մար, ­­Մո­հա­մետ ­­Հա­նա­ֆի ­­Նաս­րին ու ­­Մա­րիամ ­­Զա­քիին (Ե­գիպ­տոս)` «Ո՞վ սպան­նեց հա­յե­րը» վա­ւե­րագ­րա­կան շար­ժան­կա­րի ժա­պա­ւէ­նին հա­մար: