­altՀայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ­Քա­րո­լին Շ­մա­ւո­նեան վեր­ջերս մաս­նակ­ցած է Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րա­րի եւ «­Հա­յաս­տան» ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Հիմ­նադրա­մի տե­ղա­կան մար­մին­նե­րու ան­դամ­նե­րու հան­դիպ­ման: «­Հա­

յերն Այ­սօր»ին հետ զրոյ­ցին՝ տի­կին Շ­մա­ւո­նեան ներ­կա­յա­ցու­ցած է վեր­ջին տա­րի­նե­րուն սու­րիա­հա­յե­րուն ցու­ցա­բե­րո­ւած օգ­նու­թիւն­նե­րու ձեռ­նարկ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ Ար­ցա­խին օգ­նե­լու հա­մար կազ­մա­կեր­պո­ւած ձեռ­նարկ­ներն ու ա­տոնց ար­դիւնք­նե­րը:

«Հ.Օ.Մ.ի ջան­քե­րով՝ ­Սու­րիոյ մէջ 50.000է ա­ւե­լի հա­յե­րու օգ­նու­թիւն կը տրա­մադ­րո­ւի, վեր­ջերս ալ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ­Նոր տա­րո­ւան նա­խօ­րէին 100 ըն­տա­նիք­նե­րու նո­ւէր­ներ բաժ­նո­ւե­ցան: ­Բայց ապ­րի­լեան օ­րե­րուն ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւ­նը, ի հար­կէ, Ար­ցախն էր: Հ.Օ.Մ.ը ա­ռա­ջին­նե­րէն էր, որ 50.000 տո­լար փո­խան­ցեց Ար­ցա­խի կա­ռա­վա­րու­թեան: Եւ պի­տի շա­րու­նա­կենք այս ծրա­գիր­ներն այն­քան, որ­քան ­Հայ­րե­նիքն ու Ար­ցա­խը մեր կա­րի­քը ու­նին»,- ը­սաւ ­Քա­րո­լին Շ­մա­ւո­նեան:

Հ.Օ.Մ.ի ծրա­գիր­նե­րը շատ են, սա­կայն ինչ­պէս նշեց ­Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ­Քա­րո­լին Շ­մա­ւո­նեան, վեր­ջին տա­րի­նե­րուն Ս­տե­փա­նա­կեր­տի ­Սօ­սէ ման­կա­պար­տէ­զի վե­րա­կանգ­նու­մը ա­մե­նա­կա­րե­ւոր ծրա­գիր­նե­րէն մէկն է, ո­րուն աշ­խա­տանք­նե­րը կ’ա­ւար­տին 2017 թո­ւա­կա­նին: