ԱՐՄԷՆՓՐԵՍ.- ՀՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւորները, ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ, Դեկտեմբեր 6ին ընտրեցին Սամուէլ Նիկոյեանը ԱԺ նախագահի պաշտօնին համար:

Ապա տեղի ունեցաւ նախագահի տեղակալի ընտրութիւնը: 92 կողմ, 6 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահի տեղակալ ընտրուեցաւ Էդուարդ Շարմազանովը: «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան կողմէ Լարիսա Ալավերտեանը հարց տուաւ Շարմազանովի եթէ ան ծառայած է բանակի մէջ, ոչ այնքան ալ յստակ պատասխան ստանալով, կը հաղորդէ Երկիր-Մետիա: