alt«Ար­մէնփ­րես» կը հա­ղոր­դէ, որ ­Գեր­մա­նիոյ խորհրդա­րա­նի` ­Պուն­տես­թա­կի փոխ-նա­խա­գահ Է­տել­կարտ ­Պուլ­մահն, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին ժո­ղո­վին մէջ լրագ­րող­նե­րու հետ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին, յայ­տա­րա­րած է, որ ­Պուն­տես­թա­կի կող­մէ 2 ­Յու­նի­

սին քննար­կո­ւե­լիք ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան բա­նա­ձե­ւի որ­դեգ­րու­մը կա­րե­ւոր է դա­ժան ոճ­րա­գոր­ծու­թեան վե­րա­բե­րեալ յի­շո­ղու­թիւ­նը վառ պա­հե­լու հա­մար:

«Այս բա­նա­ձե­ւին մէջ նախ եւ ա­ռաջ պի­տի դա­տա­պար­տո­ւին Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան մէջ հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ այլ ազ­գե­րու դէմ կա­տա­րո­ւած տե­ղա­հա­նում­նե­րը, ջար­դերն ու բռնու­թիւն­նե­րը: ­Մենք կը կար­ծենք, որ նախ եւ ա­ռաջ կա­րե­ւոր է այդ յի­շո­ղու­թիւ­նը վառ պա­հե­լու հար­ցը: Ուս­տի՝ այս բա­նա­ձե­ւին մէջ պի­տի յի­շա­տա­կենք ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րը, բա­ցի ատ­կէ՝ պի­տի դա­տա­պար­տենք այն տխրահռ­չակ դե­րը, զոր ու­նե­ցած է ­Գեր­մա­նիան, այն ժա­մա­նակ ըլ­լա­լով ­Թուր­քիոյ դաշ­նա­կի­ցը եւ չկան­խար­գի­լե­լով ոճ­րա­գոր­ծու­թիւ­նը»,- ը­սած է ­Պուն­տես­թա­կի փոխ-նա­խա­գա­հը:

­Խօ­սե­լով իր երկ­րին ու ժո­ղո­վուր­դին Ող­ջա­կիզ­ման ճա­նաչ­ման հետ կա­պո­ւած փոր­ձա­ռու­թեան մա­սին` ան նկա­տել տո­ւած է, որ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան ստանձ­նու­մը կը նշա­նա­կէ զայն սե­րունդ­նե­րուն փո­խան­ցե­լու պար­տա­ւո­րու­թիւն: «­Թուր­քիոյ մէջ հետզ­հե­տէ կ­՛ա­ւել­նայ թի­ւը այն մար­դոց, ո­րոնք հա­մար­ձա­կօ­րէն կ­՛ա­ռե­րե­սո­ւին ի­րենց պատ­մու­թեան հետ եւ քննա­դա­տա­կան մօ­տե­ցում կը ցու­ցա­բե­րեն այն ժա­մա­նա­կո­ւան կա­ռա­վա­րու­թեան ա­րարք­նե­րուն նկատ­մամբ»,- ը­սած է ­Պուլ­մահն:

­Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նի փոխ-նա­խա­գա­հը ա­ւել­ցու­ցած է, որ ի­րենք կ­՛ու­զեն պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն ստանձ­նել հայ եւ թուրք հա­սա­րա­կու­թեանց յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը սեր­տաց­նե­լու, ա­նոնց մի­ջեւ երկ­խօ­սու­թեան եզ­րեր գտնե­լու ի­մաս­տով, որ­պէս­զի միաս­նա­բար ա­ռե­րե­սուին ի­րենց պատ­մու­թեան հետ: Ն­շենք, որ ­Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նի փոխ-նա­խա­գա­հը 24 ­Մա­յի­սին ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի փոխ-նա­խա­գահ Է­դո­ւարդ ­Շար­մա­զա­նո­վի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ այ­ցե­լած է ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շա­հա­մա­լիր` յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցա­նե­լու ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ան­մեղ զո­հե­րու յի­շա­տա­կին: