­altՀա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Սէյ­րան Օ­հա­նեան 23 ­Մա­յի­սին ըն­դու­նած է Եւ­րո­պա­յի մէջ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ցա­մա­քա­յին զօր­քե­րու հրա­մա­նա­տար, զօ­րա­վար Ֆ­րե­տե­րիք (­Պեն) Եոտ­ճըսն ու ­Քան­զա­սի Ազ­գա­յին զօ­րա­մա­սի հրա­մա­նա­

տար, ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տար ­Լի ­Թա­ֆա­նե­լիի գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը` ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու դես­պան ­Ռի­չըրտ ­Միլ­զի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ:

Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին քննար­կո­ւած են Եւ­րո­պա­յի մէջ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ցա­մա­քա­յին զօր­քե­րու եւ ­Քան­զա­սի նա­հան­գին հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան առն­չո­ւող հար­ցեր: ­Նա­խա­րար Օ­հա­նեան կա­րե­ւոր նկա­տած է հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ծի­րին մէջ կա­տա­րո­ւող շարք մը նա­խա­գիծ­ներ, մաս­նա­ւո­րա­պէս` փոխ-գոր­ծակ­ցու­թեան մա­կար­դա­կի բարձ­րաց­ման նպա­տակ­նե­րով միա­ցեալ վար­ժանք­նե­րը, ար­հես­տա­վարժ յիս­նա­պետ­նե­րու հա­մա­կար­գի պատ­րաս­տու­թիւ­նը, մի­ջազ­գա­յին խա­ղա­ղա­պահ ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րուն ա­ջակ­ցե­լու նպա­տա­կով ­Հա­յաս­տա­նի ստանձ­նած յանձ­նա­ռու­թեամբ բժշկա­կան եւ ինք­նա­շէն պայ­թու­ցիկ սար­քե­րու յայտ­նա­բեր­ման եւ վնա­սա­զերծ­ման մաս­նա­գի­տա­ցո­ւած ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րու պատ­րաս­տու­թիւ­նը եւ այլն:

­Զօ­րա­վար Եոտ­ճըս ու­րա­խու­թիւն յայտ­նած է ան­ձամբ Ե­րե­ւան գտնո­ւե­լուն եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման ուղ­ղու­թեամբ քննար­կում­ներ կա­տա­րե­լուն հա­մար, մա­նա­ւանդ որ այս տա­րի ար­դէն ա­ռիթ ու­նե­ցած է տես­նե­լու ­Հա­յաս­տա­նի զի­նո­ւած ու­ժե­րու ռազ­մաբժշ­կա­կան անձ­նա­կազ­մի տպա­ւո­րիչ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ­Գեր­մա­նիոյ ­Հո­հեն­ֆելս քա­ղա­քին մէջ կա­յա­ցած ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու Եւ­րո­պա տե­ղա­կա­յո­ւած ցա­մա­քա­յին զօր­քե­րու «­Միա­ձու­լո­ւած սուր» ռազ­մա­փոր­ձին:

­Հան­դիպ­ման ար­դիւն­քով՝ հա­մա­ձայ­նու­թիւն կնքո­ւած է զար­գաց­նե­լու Եւ­րո­պա­յի մէջ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ցա­մա­քա­յին զօր­քե­րու եւ ­Քան­զա­սի ազ­գա­յին ջո­կա­տի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տա­նի հետ` թէ՛ երկ­կողմ ձե­ւա­չա­փով, եւ թէ՛ շրջա­նին մէջ այլ գոր­ծըն­կեր­նե­րու հետ` փո­խա­դարձ հե­տաքրք­րու­թիւն ներ­կա­յաց­նող մար­զե­րուն մէջ:

­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի տագ­նա­պի լուծ­ման շուրջ քննար­կում­նե­րուն ըն­թաց­քին, ­Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րը ներ­կա­յա­ցու­ցած է Ապ­րի­լի սկիզ­բը ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի դէմ Ատր­պէյ­ճա­նի սան­ձա­զեր­ծած մար­տա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ ղա­րա­բա­ղեան-ատր­պէյ­ճա­նա­կան տագ­նա­պի զօր­քե­րու շփման գի­ծին մէջ տի­րող ներ­կա­յի ի­րա­վի­ճա­կին վե­րա­բե­րեալ տե­ղե­կա­տո­ւու­թիւն: Ա­մե­րի­կեան կող­մը յայտ­նած է իր մտա­հո­գու­թիւ­նը ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած բռնու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման ըն­թաց­քին կող­մե­րուն կրած մարդ­կա­յին կո­րուստ­նե­րուն գծով` նշե­լով, որ հա­ւա­տա­րիմ է Ե.Ա.Հ.Կ. ­Մինս­քի Խմ­բա­կի հո­լո­վոյ­թին մի­ջո­ցով տագ­նա­պի խա­ղաղ լուծ­ման:

Այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին ա­մե­րի­կեան պատուի­րա­կու­թիւ­նը մաս­նակ­ցած է մա­րա­ջախտ ­Հա­մա­զասպ ­Բա­բա­ջա­նեա­նի ար­ձա­նի բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան:
­Նոյն օ­րը Ազ­գա­յին ժո­ղո­վին մէջ լրագ­րող­նե­րուն հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին, ­Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Սէյ­րան Օ­հա­նեան ը­սած է, որ վար­կա­յին հա­մա­ձայ­նա­գի­րով ­Ռու­սիա­յէն ձեռք բե­րուե­լիք սպա­ռա­զի­նու­թեան մէկ մա­սը ար­դէն պատ­րաստ է, եւ հայ­կա­կան կող­մը պի­տի փոր­ձէ զա­նոնք ա­րա­գօ­րէն ­Հա­յաս­տան տե­ղա­փո­խել: