­altՀա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան 10 ­Մա­յի­սին ըն­դու­նած է Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ­Հա­րա­ւա­յին ­Կով­կա­սի եւ Վ­րաս­տա­նի ճգնա­ժա­մի հար­ցե­րու յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Հեր­պըրթ ­Զալ­պե­րը:

­Նա­խա­գահ ­Սարգ­սեան ներ­կա­յա­ցու­ցած է իր տե­սա­կէ­տը՝ Ատր­պէյ­ճա­նի ա­պա­կա­ռու­ցո­ղա­կան եւ ռազ­մա­տենչ կե­ցո­ւած­քին հե­տե­ւան­քով ի­րա­վի­ճա­կի լար­ման եւ բա­նակ­ցա­յին հո­լո­վոյ­թը խո­չըն­դո­տե­լու այդ երկ­րի դրդա­պատ­ճառ­նե­րուն մա­սին:

Անդ­րա­դառ­նա­լով Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նո­ւած ու­ժե­րուն կող­մէ ապ­րի­լեան ի­րա­դար­ձու­թեանց ըն­թաց­քին գոր­ծադ­րո­ւած ռազ­մա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թեանց փաս­տե­րուն` նա­խա­գա­հը ընդգ­ծած է նման ան­թոյ­լատ­րե­լի եւ դա­տա­պար­տե­լի ե­րե­aւոյթ­նե­րուն մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան եւ մաս­նա­գի­տա­կան կա­ռոյց­նե­րուն կող­մէ հա­մար­ժէք ար­ձա­գան­գե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը:

­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին նշո­ւած է զի­նա­դա­դա­րի խախտ­ման դէպ­քե­րու հե­տաքն­նու­թեան մե­քե­նա­կա­նու­թեան ներդր­ման եւ վստա­հու­թեան ամ­րապնդ­ման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու դի­մե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը: ­Կող­մե­րը եր­կուս­տեք ընդգ­ծած են, որ տագ­նա­պի խա­ղաղ լու­ծու­մը այ­լընտ­րանք չու­նի:

­Հան­դի­պում՝ նա­խա­րար ­Միր­զո­յեա­նի հետ

10 ­Մա­յի­սին, աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ Ե­րե­ւան գտնո­ւող ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Կա­րէն ­Միր­զո­յեան իր կար­գին հան­դի­պում ու­նե­ցած է Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ­Հա­րա­ւա­յին ­Կով­կա­սի եւ Վ­րաս­տա­նի ճգնա­ժա­մի հար­ցե­րու յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Հեր­պըրթ ­Զալ­պե­րի հետ:

­Կա­րէն ­Միր­զո­յեան տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցած է Ապ­րի­լի սկիզ­բը ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի դէմ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ սան­ձա­զեր­ծո­ւած ռազ­մա­կան յար­ձա­կու­մին եւ ա­նոր հե­տե­ւանք­նե­րուն մա­սին` ընդգ­ծե­լով, որ ա­սի­կա 1994ի զի­նա­դա­դա­րի դրու­թեան ե­ռա­կողմ հա­մա­ձայ­նա­գի­րի ան­նա­խըն­թաց խախ­տում էր: Ան նշած է, որ` ձգտե­լով տա­պա­լել բա­նակ­ցա­յին հո­լո­վոյ­թը եւ մեր­ժե­լով ի­րա­վի­ճա­կի կա­յու­նաց­ման վե­րա­բե­րող բո­լոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը, Ատր­պէյ­ճան փոր­ձած է ատր­պէյ­ճա­նա­կան-ղա­րա­բա­ղեան տագ­նա­պը լու­ծել ռազ­մա­կան ու­ղիով:

­Նա­խա­րա­րը ­Հեր­պըրթ ­Զալ­պե­րի ու­շադ­րու­թիւ­նը հրա­ւի­րած է այն փաս­տին վրայ, որ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի դէմ Ատր­պէյ­ճա­նի կա­տա­րած յար­ձա­կու­մին զու­գա­հեռ այդ երկ­րի բա­նա­կը գոր­ծած է պա­տե­րազ­մա­կան բազ­մա­թիւ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­ներ, պա­տե­րազ­մի օ­րէնք­նե­րու եւ սո­վո­րու­թիւն­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ մի­ջազ­գա­յին մար­դա­սի­րա­կան ի­րա­ւուն­քի եզ­րե­րու կո­պիտ խախ­տում­ներ:

­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը յի­շե­ցու­ցած է, որ ի­րենք բազ­միցս նա­խազ­գու­շա­ցու­ցած են մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը, որ վճռա­կան եւ հաս­ցէա­կան քննա­դա­տու­թեան բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը ­Պա­քո­ւի մօտ պի­տի ստեղ­ծէ ա­մե­նա­թո­ղու­թեան զգա­ցում եւ ճամ­բայ հար­թէ նո­րա­նոր ար­կա­ծախնդ­րու­թիւն­նե­րու: Ան ընդգ­ծած է դի­ւա­նա­գէտ­նե­րու եւ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու Ար­ցախ այ­ցե­լու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը` ստեղ­ծո­ւած ի­րա­վի­ճա­կին մա­սին ա­ռար­կա­յա­կան պատ­կե­րա­ցում կազ­մե­լու եւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կու­մին պատ­ճառ­նե­րուն ու հե­տե­ւանք­նե­րուն մա­սին բազ­մա­կող­մա­նի տե­ղե­կա­տո­ւու­թիւն ստա­նա­լու հա­մար:

­Կող­մե­րը անդ­րա­դար­ձած են ի­րա­վի­ճա­կի ա­պա­կա­յու­նաց­ման հե­տա­գայ փոր­ձե­րը բա­ցա­ռե­լու եւ տագ­նա­պի խա­ղաղ լուծ­ման հո­լո­վոյ­թին վերսկ­սե­լու ջան­քե­րուն կա­րե­ւո­րու­թեան:
Զ­րու­ցա­կից­նե­րը միտ­քեր փո­խա­նա­կած են նաեւ փո­խա­դարձ հե­տաքրք­րու­թիւն ներ­կա­յաց­նող շարք մը հար­ցե­րու շուրջ: