altԱր­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեան, 10 ­Մա­յի­սին, ­Տիգ­րա­նա­կեր­տի հնա­գի­տա­կան թան­գա­րա­նին մէջ, հան­դի­պում ու­նե­ցած է Հ.Յ.Դ. ­Հայ ­Դա­տի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Խոր­հուր­դի եւ յանձ­նա­խում­բե­րու ու գրա­սե­նեակ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­

նե­րուն հետ:

Քն­նար­կո­ւած են Ար­ցա­խի ներ­քին եւ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, հայ­րե­նիք-սփիւռք կա­պե­րուն, 2-5 Ապ­րի­լին Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ սան­ձա­զեր­ծո­ւած լայ­նա­ծա­ւալ պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն եւ ա­նոնց հե­տե­ւանք­նե­րուն, շրջա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցող զար­գա­ցում­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր:

­Նա­խա­գահ ­Սա­հա­կեան ար­ժե­ւո­րած է Հ.Յ.Դ. ­Հայ ­Դա­տի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան, Ար­ցա­խի տագ­նա­պի ա­ռար­կա­յա­կան ներ­կա­յաց­ման, հա­մա­հայ­կա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող խնդիր­նե­րու լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ: ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեան ող­ջու­նած է Հ.Յ.Դ. ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բե­րու եւ Գ­րա­սե­նեակ­նե­րու խորհր­դա­ժո­ղո­վին կա­յա­ցու­մը Ար­ցա­խի մէջ` ընդգ­ծե­լով նման նա­խա­ձեռ­նու­թեան մը իւ­րա­յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը: