Վրաստանի եւ Ռուսաստանի Վերին Լարս սահմանաին, մեքենաներու տեղաշարժի խնդիրները դեռ եւս լուծուած չեն: Անցակէտին մէջ, ընդհանուր առմամբ, այժմ կանգնած է շուրջ 200 ինքնաշարժ:

Կառավարութեան նիստէն ետք կապի եւ փոխադրութեան  նախարար Մանուկ Վարդանեանը պարզաբանեց, որ հայկական ու վրացական բեռնատար մեքենաները Վերին Լարսի անցակէտին վրայ տեղաշարժ չեն կարողանար ընել՝ անբարենպաստ եղանակի պատճառով: Նախարարը ըսաւ, որ բեռնափոխադրողներէն 60 ինքնաշարժ արդէն անցած է սահմանագիծէն: