Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 6 Մայիսին ընդունած է Ընկերվար Միջազգայնականի ընդհանուր քարտուղար Լուիս Այալան: Հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ Ընկերվար Միջազգայնականի փոխ-նախագահ Մարիօ Նալբանդեան եւ հա
մաշխարհային այդ կառոյցի անդամ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան:
Նախագահ Սարգսեան ու Լուիս Այալա ջերմութեամբ յիշած են, թէ շուրջ մէկ տարի առաջ Երեւանի մէջ կայացած իրենց նախորդ հանդիպումին բաց եւ անկեղծ զրոյց կայացած էր երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը նիւթերու շուրջ։
Նախագահ Սարգսեան բարձր գնահատած է Ընկերվար Միջազգայնականի գործունէութիւնը՝ դիտել տալով, որ անիկա աշխարհով մէկ կը միաւորէ ընկերվարական եւ ընկերվար-ժողովրդավարական գաղափարներ դաւանող քաղաքական ուժերը, եւ որուն հռչակած արժէքներն ու քաղաքական նպատակները՝ ազատութիւն, արդարութիւն, համերաշխութիւն, Սերժ Սարգսեանի համաձայն, շատ արդիական են, եւ ցաւօք, ներկայիս աշխարհի մէջ անոնց պակասը կը զգացուի։
Լուիս Այալա իր գլխաւորած կազմակերպութեան անունով մտահոգութիւն յայտնած է այս Ապրիլի սկիզբը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շփման գիծին մէջ զինադադարի խախտման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին առնչութեամբ:
Ան ուզած է գիտնալ նախագահ Սարգսեանի տեսակէտները իրավիճակի լարուածութեան առնչութեամբ՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով կազմակերպութեան կարելիութեան համաձայն նպաստելու երկխօսութեան, յարաբերութիւններու հաստատման ճամբով հիմնախնդիրի խաղաղ ճանապարհով լուծման:
Լուիս Այալա ներկայացուցած է այդ նպատակին ծառայող իրենց յառաջիկայ ծրագիրները՝ համակարծիք ըլլալով Հայաստանի նախագահին հետ, որ որքան բաց ու անկեղծ ըլլան հանդիպումներն ու քննարկումները եւ յստակ՝ արտայայտուող դիրքորոշումները, այնքան օգտակար պիտի ըլլան գործին: Ընկերվար միջազգայնականի ընդհանուր քարտուղարը գոհունակութեամբ խօսած է կազմակերպութեան անդամ Հ.Յ.Դ.ի միջոցով Հայաստանի հետ համագործակցութեան մասին, որ, ըստ անոր, տարուէ տարի կ՚ամրապնդուի։
Հանդիպման ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան կարեւոր նկատած է Հայաստանի համար կարեւորագոյն հարցերու մէջ միջազգային տարբեր հարթակներու վրայ եւ կառոյցի անդամ կուսակցութիւններու երկիրներուն մէջ Ընկերվար Միջազգայնականի միշտ կառուցողական դիրքորոշումը: Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանի իրավիճակին, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործի ընթացքին։