Հ.Յ.Դ. մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ Շաբաթ՝ 7 Մայիս 2016ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան հանդիպում ունեցած է Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի նախագահ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ
Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի գլխաւորած Կեդրոնական Խորհուրդի եւ շրջանային յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնք յատուկ այս առիթով Երեւան եկած են:
Հանդիպումին կը մասնակցէին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալներն ու գլխաւոր քարտուղարը, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի եւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամներ:
Նախարար Նալպանտեան Հայ Դատի Յանձնախումբերու անդամներուն հանգամանաւոր կերպով ներկայացուցած է Արցախի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնները եւ անոնց հետեւանքներուն յաղթահարման ուղղուած ջանքերը: Ապա՝ ան պատասխանած է Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ներկայացուցիչներու բազմաթիւ հարցումներուն:
Անդրադառնալով բանակցային գործընթացի հեռանկարներուն` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ըսած է.- «Այս պահուն հաւանական հանդիպումները կրնան ուղղուիլ Ապրիլի սկիզբին Արցախի դէմ Ատրպէյճանի յարձակման կրկնութեան բացառման, Ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին մէջ 1994-1995 թուականի զինադադարի հաստատման եւ ամրապնդման վերաբերեալ եռակողմ անժամկէտ համաձայնագրութեանց անվերապահ կատարման նպատակով համապատասխան մեքանիզմներու, միջոցառումներու ստեղծման, զինադադարի խախտումներուն հետաքննութեան մեքանիզմի ներդրման զուգահեռ: Այդ քայլերը համապատասխան պայմաններ կը ստեղծեն բանակցային գործընթացը շարունակելու համար»:
Անդրադարձ կատարուած է Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման, հայրենիքի տնտեսական զարգացման աջակցութեան, ինչպէս նաեւ` համահայկական օրակարգի այլ հարցերու:
Այս առիթով քննարկուած են հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման նպատակով ձեռնարկուող քայլերը:
Հանդիպման մասնակիցները կարծիքներ փոխանակած են երկկողմ եւ բազմակողմ ձեւաչափերով Հայաստանի կիրարկած արտաքին քաղաքական գործունէութեան շուրջ: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Միջին Արեւելքի իրավիճակին, Սուրիական ճգնաժամին, ահաբեկչութեան դէմ միջազգային պայքարի եւ հրատապ միջազգային ու շրջանային այլ խնդիրներու:
Համաձայնութիւն գոյացած է այս ձեւաչափով հանդիպումներու մասին պարբերաբար հաղորդումներ կատարելու գծով:
Խորհրդակցութեան աւարտին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան ըսած է.- «Օգտակար խորհրդակցութիւն էր, որ պէտք է աւելի յաճախակի դառնայ: Անցեալ տարուընէ համաձայնած էինք նման խորհրդակցութիւն վերսկսելու շուրջ, սակայն թեքնիք պատճառներով ատիկա տեղի ունեցաւ այսօր: Յառաջիկայ օրերուն գումարուելիք Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու համաժողովը վստահ եմ, որ կ՚օգտուի այսօրուան խորհրդակցութիւններէն»: