Հայաստանի կառավարութիւնը, 5 Մայիսի իր նիստին, համաձայնութիւն տուաւ Ազգային Ժողովի պատգամաւորներ Զարուհի Փոստանջեանի եւ Հրանտ Բագրատեանի կողմէ օրէնսդրական նախաձեռնութեան կարգով ներկայացուած՝ «Արցախի Հանրապե
տութիւնը ճանչնալու մասին» օրինագիծին վերաբերող եզրակացութեան նախագիծին:
Կառավարութեան եզրակացութիւնը ստանալէ ետք, նախագիծը, սահմանուած կարգով, պիտի ներկայացուի խորհրդարանին` առ ի քննարկում: Անիկա ունի երկու յօդուած` «Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ճանչնայ Արցախի Հանրապետութիւնը» եւ «Սոյն օրէնքը ուժի մէջ կը մտնէ պաշտօնական հրապարակման օրուան յաջորդող օրը»:
«Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ներկայացուած օրէնքի նախագիծին ընդունումը պայմանաւորուած է Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ քննարկումներու արդիւնքներով` նկատի առնելով հետագայ զարգացումները, որոնց մէջ նաեւ արտաքին գործօնները: Միաժամանակ կը յայտնենք, որ ներկայացուած օրէնքի նախագիծը Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովին մէջ քննարկելու ընթացքին յարակից զեկուցումով հանդէս կու գայ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեանը»,- գրուած է, մասնաւորապէս, օրինագիծին հետ նոյն թղթածրարին մէջ կառավարութեան պաշտօնական կայքին մէջ հրապարակուած Ազգային Ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանին յղուած վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանին նամակին մէջ:
Յիշեցնենք, որ ի պատասխան Հայաստանի կառավարութեան նիստին օրակարգին վրայ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանչցող օրինագիծի ընդգրկման գծով պաշտօնական Պաքուի ջղագրգիռ արձագանգին` պաշտօնական Երեւանը հերքած է, թէ կը պատրաստուի համաձայնութիւն տալու նախագիծին: «Կառավարութեան օրակարգին մէջ ներառուած է համաձայնութիւն տալը ո՛չ թէ օրէնքի նախագիծին, այլ կառավարութեան եզրակացութեան:
Իսկ համաձայն եզրակացութեան, ճանաչումը պայմանաւորուած է իրավիճակի հետագայ զարգացումներով: Եթէ Ատրպէյճան ծաւալէ զինուորական նոր գործողութիւններ, Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման հարցը կը մտնէ օրակարգ»,- յայտարարած էր Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան:
Առայժմ յայտնի չէ, թէ նախագիծը ե՞րբ կը բերուի խորհրդարանի օրակարգին վրայ:
Նիստին յաջորդած զրոյցի ընթացքին՝ Շ. Քոչարեան վերահաստատած է արտաքին գործոց նախարարութեան դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման գծով. «Ինչ կը վերաբերի բուն ճանաչման խնդիրին, ապա մեր դիրքորոշումը շատ յստակ է, որ եթէ Ատրպէյճան փորձէ խուսափիլ զինադադարի հաստատման դրութենէն եւ նոր գործողութիւններ ծաւալէ, կը մտնէ օրակարգ»:
Պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ Արցախի ճանաչումը չի՞ տապալեր տագնապի լուծման Մինսքի գործընթացը` Քոչարեան ըսած է.- «Մինսքի գործընթացի աւարտին կ՚առաջնորդեն Ատրպէյճանի յարձակումները եւ ոչ թէ մեր իրաւական քայլերը»: