Հ.Հ. կառավարութեան Մայիս 5ի նիստէն ետք, տնտեսութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ պատերազմական շրջանին տնտեսութեան վիճակին ու հարկային քաղաքականութեան:
Ըստ նախարարին՝ հարկային մարմինը արդիւնաւէտ աշխատած է հարկերու հաւաքման մէջ: Ապրիլ ամիսը նաեւ շահութահարկի գծով կանխավճարներու վճարման ժամանակահատուածն է, այսինքն` քանի մը գործօններու զուգակցումով` հարկային քաղաքականութիւնը արդիւնաւէտ կատարուած է:
«Ատրպէյճանական ագրեսիան (յարձակումը), որի նպատակն էր, ի վերջոյ, նաեւ հարուած հասցնել մեր տնտեսական իրողութիւններին, լիովին ձախողուել է, եւ դրա ապացոյցներից մէկն էլ հարկային քաղաքականութեան, զբօսաշրջութեան ոլորտում արձանագրուած ցուցանիշներն են: Ատրպէյճանական ագրեսիան իր նպատակին չի հասել նաեւ տնտեսութեան մասով»,- ըսած է Արծուիկ Մինասեան:
Հարցումին, թէ այսօր Հայաստանի տնտեսութիւնը պատրա՞ստ է պատերազմին, նախարարը պատասխանեց.- «Այո՛, կարճ կ’ասեմ` պատրաստ է»: