altԵ­րե­ւա­նի ­Հա­լա­բեան փո­ղո­ցին մէջ 25 Ապ­րի­լի ե­րե­կո­յեան հան­րա­կառ­քի պայ­թու­մին են­թադ­րեալ մե­ղա­ւո­րը, նախ­նա­կան տե­ղե­կու­թեանց հա­մա­ձայն, կը պատ­րաս­տո­ւէր պայ­թեց­նե­լու իր ազ­գա­կան­նե­րը:

Ըստ «­Նիւզ»ի, Հ.Հ. Քնն­չա­կան ­Կո­մի­տէի նա­խա­գա­հի խորհր­դա­կան ­Սո­նա Տ­ռու­զեան յայտ­նած է, որ քննու­թեամբ եւ Ազ­գա­յին Անվ­տան­գու­թեան ­Ծա­ռա­յու­թեան (Ա.Ա.Ծ.) հետ միա­սին ի­րա­կա­նա­ցո­ւած հե­տա­խու­զա­կան քայ­լե­րուն ար­դիւն­քով պար­զո­ւած է, որ դէպ­քի վայ­րին մէջ յայտ­նա­բե­րո­ւած բջի­ջա­յին հե­ռա­խօ­սա­յին քար­տի բա­ժա­նոր­դը կեն­ցա­ղա­յին հո­ղի վրայ դժգո­հու­թիւն ու­նե­ցած է իր ազ­գա­կան­նե­րէն եւ նա­խա­պատ­րաս­տո­ւած է պայ­թեց­ման ե­ղա­կա­նով վնաս հասց­նե­լու ա­նոնց:

Ա­ւե­լի ա­ռաջ Քնն­չա­կան ­Կո­մի­տէն յայտ­նած էր, որ դէպ­քի վայ­րին զննու­թեամբ, ի թիւս քրէա­կան գոր­ծով էա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող այլ ա­ռար­կա­նե­րու, յայտ­նա­բե­րո­ւած է բջի­ջա­յին հե­ռա­խօ­սա­յին քարտ: Ա.Ա.Ծ. հե­տա­խու­զա­կան մար­մին­նե­րուն հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցա­բար՝ պար­զո­ւած է տո­ւեալ քար­տի բա­ժա­նոր­դին ինք­նու­թիւ­նը, որ ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի է, նա­խա­պէս եր­կու ան­գամ դա­տո­ւած:

Ա­նոր բնա­կու­թեան վայ­րին մէջ, օ­րէն­քով սահ­մա­նո­ւած կար­գով, 26 Ապ­րի­լին ի­րա­կա­նա­ցո­ւած խու­զար­կու­թեամբ յայտ­նա­բե­րո­ւած են «Թ­րո­թիլ» տե­սա­կի պայ­թու­ցիկ նիւթ, պայ­թու­ցիչ սար­քեր եւ տար­բեր տե­սա­կի ե­լեկտ­րա­սար­քեր: