altՀ.Յ.Դ. ­Հայ ­Դա­տի եւ ­Քա­ղա­քա­կան ­Հար­ցե­րու գրա­սե­նեա­կի պա­տաս­խա­նա­տու ­Կի­րօ ­Մա­նո­յեան Ապ­րիլ 25ին, լրագ­րող­նե­րու հետ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին, նշեց, որ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած «Ընդ­դէմ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն յան­ցա­գոր­ծու­թեան» հա­մաշ­խար­

հա­յին խորհր­դա­ժո­ղո­վը եւ «Աւ­րո­րա» մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւ­նը միայն դրա­կա­նօ­րէն պէտք է դի­տար­կել, քա­նի որ ­Հա­յաս­տան պէտք է դառ­նայ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու դէմ պայ­քա­րի կեդ­րոն:

«­Ֆո­րու­մի մաս­նա­կից­նե­րը եւ ե­լոյթ­նե­րը վկա­յում են այն մա­սին, որ ­Հա­յաս­տա­նը կա­րող է դառ­նալ այդ­պի­սին, իսկ «Աւ­րո­րա» մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւ­նը, որ­պէս ա­ռա­ջին մի­ջո­ցա­ռում, բա­ւա­կա­նին յա­ջո­ղո­ւած էր: ­Ճիշդ է, ան­ցեալ տա­րո­ւայ լու­րե­րի քա­նա­կը, որ մի­ջազ­գա­յին լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րում կա­յին, այս տա­րի չկան, բայց դա բնա­կան է: Այս եր­կու մի­ջո­ցա­ռում­նե­րի մաս­նա­կից­նե­րին նկա­տի ու­նե­նա­լով՝ բա­ւա­կան լայն ար­ձա­գանգ ե­ղաւ: ­Ցան­կա­լի է, որ այս եր­կու մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը շա­րու­նա­կո­ւեն եւ դառ­նան ա­ւան­դա­կան»,- ը­սաւ ­Մա­նո­յեան:

Այն դի­տար­կու­մին, թէ ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցը պէտք է բե­րո­ւի մի­ջազ­գա­յին հար­թակ, եւ թէ կրնա՞նք ը­սել, որ յա­ջո­ղե­ցանք այդ մէ­կը ը­նել, Կ. ­Մա­նո­յեան պա­տաս­խա­նեց.- «Ե­թէ նոյ­նիսկ դեռ չի յա­ջո­ղո­ւել, այդ ճա­նա­պար­հին ենք: Ա­ռանց իր էու­թիւ­նից դա­տար­կե­լու ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցը կամ ­Հայ ­Դա­տը՝ պէտք է ցոյց տանք, որ ­Հա­յաս­տա­նը միայն իր հար­ցե­րով չէ շա­հագրգ­ռո­ւած, այլ՝ հա­մա­մարդ­կա­յին խնդիր­նե­րով, այս պա­րա­գա­յում՝ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րի դէմ պայ­քա­րով: ­Վեր­ջին տա­րի­նե­րի մեր դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը, կար­ծում եմ, ճիշդ պատ­գամ է փո­խան­ցում մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեա­նը»:
Ի դէպ, ­Մա­նո­յեան յոյս յայտ­նեց, որ յա­ռա­ջի­կա­յին ­Գեր­մա­նիա կը միա­նայ այն պե­տու­թեանց, ո­րոնք ճանչ­ցած են ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը:

«­Բուն­դես­թա­գի՝ 2005 թո­ւա­կա­նին ըն­դու­նած բա­նա­ձե­ւը բա­ւա­կան լաւն է ի­րա­կա­նում, եւ յոյ­սով եմ, որ այս տա­րի ­Յու­նի­սին կա­յա­նա­լիք քննար­կում­նե­րի ըն­թաց­քում ճիշդ ո­րո­շում կ­՛որ­դեգ­րո­ւի: Իսկ Օ­բա­մա­յի մա­սին էլ ա­սեմ, որ ափ­սոս էր, որ նա իր ու­ղեր­ձը ճիշդ չօգ­տա­գոր­ծեց: Ինչ որ տեղ նաեւ վար­կա­բե­կիչ էր նրա հա­մար, որ վկա­յա­բե­րում էր ու­րի­շին՝ Օ­բա­մա քա­ղա­քա­ցու ա­սած­նե­րը, բայց ի­րա­կա­նում չի ա­սում «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» բա­ռը: ­Թէ ին­չո՛ւ չի ա­սում, չեմ հաս­կա­նում, ո­րով­հե­տեւ ­Թուր­քիան է­լի դժգո­հեց, է­լի բո­ղո­քեց, բայց տա­րին չի վեր­ջա­ցել, եւ Օ­բա­ման կա­րող է իր խոս­տու­մը կա­տա­րել»,- ը­սաւ Կ. ­Մա­նո­յեան:

Ա­նոր խօս­քով՝ մենք ա­ւե­լի շատ հա­տուց­ման հար­ցին վրայ կը կեդ­րո­նա­նանք, եւ ար­դէն այդ ուղ­ղու­թեամբ ո­րո­շա­կի աշ­խա­տանք­ներ կա­տա­րո­ւած են, եւ անհ­րա­ժեշտ է նոր թափ տալ այդ ա­մէ­նուն:
«Ար­դէն եր­րորդ տա­րին է, որ ­Թուր­քիա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ինչ որ ու­ղերձ է հրա­պա­րա­կում, ո­րը նոյն ժխտո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնն է պա­րու­նա­կում. ցա­ւակ­ցում է հայ մա­հա­ցած­նե­րի հա­րա­զատ­նե­րին այն­պէս, ա­սես բնա­կան մա­հով են մա­հա­ցել կամ ա­ղէ­տի հե­տե­ւան­քով: Ան­տես­ւում է ի­րենց պե­տու­թեան կող­մից ոճ­րա­գոր­ծու­թեան ի­րա­կա­նաց­ման փաս­տը»,- ընդգ­ծեց ­Մա­նո­յեան, ա­պա՝ խօ­սե­ցաւ թուր­քե­րու եւ հա­յե­րու հա­մա­տեղ ապ­րե­լու մշա­կոյ­թին մա­սին.- «Այդ մա­սին խօ­սե­լով՝ ան­տե­սում են այն, ինչ ի­րենց պե­տու­թիւ­նը հա­յու­թեան դէմ գոր­ծադ­րել է: Այս բո­լո­րը նրանք ան­տե­սում են եւ փոր­ձում ցոյց տալ վար­դա­գոյ­նի մէջ»:

­Մա­նո­յեան նշեց նաեւ, որ պէտք չէ զար­մա­նալ, թէ պե­տու­թիւն­ներն ի­րենց ազ­գա­յին շա­հե­րը կը պաշտ­պա­նեն: «­Սուրբ չեն պե­տու­թիւն­նե­րը, բա ո՞ւմ շա­հե­րը հե­տապն­դեն: ­Մենք էլ մեր շա­հե­րը պէտք է հե­տապն­դենք: ­Սա չի նշա­նա­կում, որ շա­հե­րի հա­մընկ­նում չի կա­րող լի­նել»,- ը­սաւ ան, ա­պա՝ ա­ւել­ցուց, որ հա­տուց­ման խնդի­րը չ­՚են­թադ­րեր ըն­թա­նալ այն­պէս, ինչ­պէս ճա­նաչ­ման հարցն է՝ խորհր­դա­րան­ներ եւ այլն: «Երբ խօ­սում ենք հա­տուց­ման մա­սին, ան­պայ­ման չէ, որ դա­տա­կան ու ի­րա­ւա­կան գոր­ծեր յա­րու­ցո­ւեն:
­Հա­սա­րա­կա­կան կար­ծի­քի վրայ ա­ւե­լի շատ պէտք է աշ­խա­տել»,- ընդգ­ծեց Հ.Յ.Դ.ի գոր­ծի­չը:

Ան անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ ­Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նի հայ պատ­գա­մա­ւոր ­Կա­րօ ­Փայ­լա­նի ե­լոյ­թին եւ ը­սաւ, որ ող­ջու­նե­լի փաստ է այդ ե­լոյ­թը, սա­կայն մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նեց ­Կա­րօ ­Փայ­լա­նի անվ­տան­գու­թեան վե­րա­բե­րեալ: «Ն­րա անվտան­գու­թեան հա­մար մտա­հո­գո­ւած ենք, չգի­տեմ՝ ի՞նչ տե­ղի կ­՚ու­նե­նայ, բայց սա վկա­յում է այն մա­սին, որ ­Թուր­քիա­յի հայ հա­մայն­քում կայ մի հա­տո­ւած, որ կա­րող է իր ի­րա­ւունք­նե­րը պաշտ­պա­նել»,- եզ­րա­փա­կեց ­Կի­րօ ­Մա­նո­յեան:
Հ.Հ. նա­խա­գա­հի եւ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի ե­լոյթ­նե­րէն պարզ կը դառ­նայ, որ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը յետ ին­կաւ,- յայտ­նեց Հ.Յ.Դ. ­Հայ ­Դա­տի եւ ­Քա­ղա­քա­կան ­Հար­ցե­րու գրա­սե­նեա­կի պա­տաս­խա­նա­տուն.- «Ադր­բե­ջա­նը ձա­խո­ղո­ւեց ռազ­մա­ճա­կա­տում, բայց այն, որ ու­զում էր՝ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը տա­պա­լո­ւեն, յա­ջո­ղո­ւեց:

Ադր­բե­ջանն ու­զում է ա­սել, որ 94 թո­ւա­կա­նի պայ­մա­նա­գի­րը չէ ու­ժի մէջ, այլ նոր՝ բա­նա­ւոր ձեռք բե­րո­ւած պայ­մա­նա­ւո­րո­ւա­ծու­թիւ­նը: Ադր­բե­ջա­նը փոր­ձում է կռիւ­նե­րից յե­տոյ Լ.Ղ.Հ.ին դուրս մղել բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րից:

«Երկ­րորդ կա­րե­ւոր հարցն այն է, որ ադր­բե­ջան­ցի­նե­րը դժգոհ են բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցից: ­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րի ինք­նո­րոշ­ման սկզբուն­քը նա մշտա­պէս այլ կերպ է մեկ­նա­բա­նում՝ փոր­ձե­լով այս կռիւ­նե­րով տա­պա­լել բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը: Ադր­բե­ջա­նը պէտք է բա­ւա­րա­րո­ւած զգայ, որ յա­ջո­ղել է բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րից հե­ռաց­ման հար­ցում»,- ը­սաւ ­Մա­նո­յեան եւ ա­ւել­ցուց, որ խա­ղաղ կար­գա­ւո­րում կրնայ ըլ­լալ նաեւ այն պա­րա­գա­յին, երբ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը ը­սէ, թէ կը ճանչ­նայ Լ.Ղ.Հ. ան­կա­խու­թիւ­նը:
«­Վա­ղը, մէկ ամ­սից կամ էլ մօտ ա­պա­գա­յում, բա­նակ­ցու­թիւն­ներ չեն կա­րող տե­ղի ու­նե­նալ: ­Դա նրա­նից չէ, որ մենք վատ դի­ւա­նա­գի­տու­թիւն ենք վա­րել: Ե­թէ մենք այս պա­րա­գա­յում էլ ճիշդ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն վա­րենք, այս ա­մէ­նը դուրս կը գայ Ադր­բե­ջա­նի դէմ»,- նշեց ­Մա­նո­յեան:

Ան նաեւ դի­տել տո­ւաւ, որ երբ 2006 թո­ւա­կա­նին կը մշա­կո­ւէր Լ.Ղ.Հ. ­Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը, Հ.Յ.Դ.ն­ ա­ռա­ջար­կեց, որ Լ.Ղ.Հ. սահ­ման­նե­րը ա­ւե­լի մեծ տա­րածք­ներ ընդգր­կեն: «Այ­սինքն՝ այն տա­րածք­նե­րը, ո­րոնք Ադր­բե­ջա­նի կող­մից գրա­ւո­ւած են, դա էլ նե­րա­ռո­ւի, խօս­քը ­Շա­հու­մեա­նի եւ այլ շրջան­նե­րի մա­սին է: Այդ կէ­տը, սա­կայն, չնե­րա­ռո­ւեց Լ.Ղ.Հ. ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան մէջ»,- ա­սաց ­Մա­նո­յեան:

Ան ա­ւել­ցուց, որ մեր պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րարն ալ յայ­տա­րա­րած է, որ տա­րածք­նե­րու յանձն­ման մա­սին խօսք չկայ:
«­Կար­ծում եմ՝ մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ­Ռու­սաս­տա­նի ­Դաշ­նու­թեան հետ պէտք է լի­նեն ինս­տի­տու­ցիո­նալ (պաշ­տօ­նա­կան կա­ռոյց­նե­րու) մա­կար­դա­կով, այլ ոչ թէ ղե­կա­վար ան­հատ­նե­րի մի­ջեւ:
Ինչ­քան մեր շա­հե­րից է բխում ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծըն­կեր­ներ լի­նե­լը, նոյն­քան էլ՝ հա­կա­ռա­կը: ­Մենք պէտք է վա­րո­ւենք այն­պէս, որ ­Ռու­սաս­տա­նը ստի­պո­ւած լի­նի իր պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը կա­տա­րե­լու»,- ը­սաւ ­Մա­նո­յեան:

Ան նաեւ ա­ւել­ցուց.- «Ապ­րի­լի սկզբին չոր­սօ­րեայ պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քում Ադրբե­ջա­նը բա­ւա­կան շատ օգ­տա­գոր­ծեց նաեւ այն զի­նա­տե­սակ­նե­րը, ո­րոնք գնել էր ­Ռու­սաս­տա­նից: ­Կար­ծում եմ, այս­տեղ նոյն­պէս ա­նե­լիք ու­նենք»: