Անցեալ շաբաթավերջին Երեւանի մէջ սկիզբ առաւ «Ընդդէմ Ցեղասպանութեան յանցագործութեան» երկրորդ միջազգային համաժողովը: Համաժողովը կեդրոնացաւ Ցեղասպանութենէն վերապրած ողջ անձերու եւ գաղթականներու խնդիրներուն վրայ:
Միջազգային համաժողովը բաղկացած էր հիմնական 4 բաժիններէ:
Համաժողովին պաշտօնական բացումը կատարեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, որմէ ետք տեղի ունեցաւ բարձրաստիճան երկխօսութիւն:
Նախագահ Սարգսեան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ առաջին համաժողովէն մէկ տարի ետք, այսօր կարելի է ըսել, որ անիկա յաջողեցաւ եւ լայն արձագանգ գտաւ ոչ միայն մասնագիտական շրջանակներու, այլ նաեւ բազմահազար մարդոց շրջանակներուն մէջ: Անիկա առիթ դարձաւ, որ աշխարհը անգամ մը եւս խօսի մարդածին ծանրագոյն չարիքին` ցեղասպանութեան մասին:
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի դէմ կատարուած ատրպէյճանական յարձակումներուն՝ նախագահ Սարգսեան ըսաւ.- «Միջազգային հանրութիւնը՝ մենք, պէտք է նոյնքան արագ եւ վճռականօրէն արմատախիլ ընենք ցեղասպանածին այսօրինակ երեւոյթները, ուր ալ դրսեւորուին անոնք, ինչպէս քանի մը օր առաջ ըրին Շուէտի իշխանութիւններն ու հասարակութիւնը՝ թուրք ազգայնական Պարպարոս Լէյլանիի կողմէ հայերու նկատմամբ ատելութեան քարոզչութեան համար: Ասիկա կը պահանջէ համախմբուած աշխատանք, երբեմն աշխարհաքաղաքական շահերու ստորադասում, երեւոյթներու յստակ ու հասցէաւոր դատապարտում»:
Աւարտին, «Ընդդէմ Ցեղասպանութեան յանցագործութեան» համաշխարհային հաւաքը ընդունեց եզրափակիչ յայտարարութիւն մը:
Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ որոշուած է յաջորդ հանդիպումը գումարել ապրիլ 2018ին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: