Կիրակի՝ 24 Ապրիլին, Հայաստանի պետական իշխանութեանց ներկայացուցիչները, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալի
րին մէջ, յարգանքի տուրք մատուցեցին 1915ին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած մեծագոյն ոճիրին` Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին:
Ծիծեռնակաբերդի անմար կրակին մօտ, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ՝ Սրբոց Նահատակաց բարեխօսական յատուկ կարգ կատարեց հոգեւոր դասը, ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին նահատակուած 1,5 միլիոն հայերուն յիշատակը:
Ծիծեռնակաբերդի բարձունք եկած էին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան՝ Իր կնոջ Ռիթա Սարգսեանի հետ, օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչներ, զինեալ ուժերու բարձրագոյն սպայակազմը, քաղաքական գործիչներ, մտաւորականներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու պատասխանատուներ, հայրենակցական միութիւններու, հասարակական կազմակերպութիւններու անդամներ:
Հայաստանի պետական իշխանութեանց բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն հետ Ծիծեռնակաբերդի բարձունք եկած էին նաեւ աշխարհահռչակ հայ երգիչ Շարլ Ազնաւուր, հոլիվուտեան հանրածանօթ դերասան Ճորճ Քլունի, «Աւրորա» մրցանակաբաշխութեան յաւակնորդներն ու մասնակիցները, «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» համաշխարհային երկրորդ համաժողովի մասնակիցները:
Պաշտօնական բարձրաստիճան այցելուներէն բացի, Ապրիլ 24ի առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ երեկոյ, բազմահազար հայորդիներ այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի բարձունք` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցանելու հայութեան մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներու յիշատակին:
Ապրիլ 24ին յիշատակի արարողութիւններ կատարուեցան Հայաստանի բոլոր շրջաններուն: Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բոլոր թեմերուն մէջ մատուցուեցան պատարագներ: