altՌու­սիոյ ­Դաշ­նու­թեան Օ­րէն­պուրգ քա­ղա­քի հայ­կա­կան հա­մայն­քը իր զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նած է Ար­ցա­խին՝ պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կին հա­մար ձեռք բե­րե­լով «­Վազ» մակ­նի­շի մար­դա­տար եւ շտա­պօգ­նու­թեան 4 մե­քե­նայ:

Այ­սօր Ս­տե­փա­նա­կեր­տի ­Վե­րած­նուն­դի հրա­պա­րա­կին վրայ, Օ­րէն­պուր­գէն ժա­մա­նած հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն կող­մէ՝ Լ.Ղ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րի ա­ռա­ջին տե­ղա­կալ զօ­րա­վար-գնդա­պետ ­Սա­մո­ւէլ ­Կա­րա­պե­տեա­նին յանձ­նո­ւած են մե­քե­նա­նե­րուն բա­նա­լի­նե­րը:

­Վեր­ջինս շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է ­Ռու­սաս­տա­նի հայ հա­մայն­քին, մաս­նա­ւո­րա­պէս Օ­րէն­պուր­գի հա­յու­թեան՝ ի­րենց ա­ջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու հա­մար:

­Մե­քե­նա­նե­րու յանձն­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նա­կից Լ.Ղ.Հ. վար­չա­պետ Ա­րա­յիկ ­Յա­րու­թիւ­նեան, Լ.Ղ.Հ. իշ­խա­նու­թեանց ա­նու­նով շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով Օ­րէն­պուր­գի հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն՝ նշած է.- «­Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նը սկսւում է Ար­ցա­խի ա­ռաջ­նագ­ծից. այն յու­սա­լի կեր­պով պաշտ­պան­ւում է հայ զի­նո­ւո­րի կող­մից:

­Մենք ա­ւե­լի ա­մուր ենք նաեւ Ար­ցա­խի հան­դէպ սփիւռ­քա­հա­յու­թեան կող­մից ցու­ցա­բե­րո­ւած սրտա­ցաւ վե­րա­բեր­մուն­քի շնոր­հիւ»: ­Վար­չա­պե­տը նաեւ ընդգ­ծած է, որ այս օ­րե­րուն ­Ռու­սիոյ մէջ ապ­րող մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն կող­մէ պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կին հա­մար մե­քե­նա­նե­րու ար­դէն չոր­րորդ խմբա­քա­նա­կը կը ստա­նան: