Թուր­քիոյ քրտա­մէտ ­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն ­Կու­սակ­ցու­թեան հա­մա­նա­խա­գահ ­Սա­լա­հէտ­տին ­Տե­միր­թա­շի դէմ նոր դատ մը բա­ցո­ւած է, այս ան­գամ՝ սեւ-ծո­վեան ­Կի­րե­սուն նա­հան­գի հա­մա­նուն հա­մալ­սա­րա­նի ատր­պէյ­ճա­նա­կան ծա­գու­մով վա­րիչ Այ­կիւն Աթ­թա­րի եւ թուրք ի­րա­ւա­բան Ա­լի ­Չե­լի­քա­յա­յի կող­մէ։

Ա­նոնք ­Տե­միր­թա­շը կ­՛ամ­բաս­տա­նեն ­Թուր­քիոյ քրէա­կան օ­րէնս­գիր­քի 216րդ­ եւ 304րդ ­յօ­դո­ւած­նե­րը խախ­տե­լուն հա­մար, այ­սինքն՝ ժո­ղո­վուր­դին մէջ ա­տե­լու­թիւն եւ թշնա­մու­թիւն սեր­մա­նե­լու եւ պե­տու­թեան դէմ պա­տե­րազմ հրահ­րե­լու յան­ցանք­նե­րով։

Հայ­ցին մէջ նշո­ւած է.- «­Տե­միր­թաշ իր ­Ռու­սիա այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին անդ­րա­դար­ձած է ­Ղա­րա­բա­ղի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րուն եւ ­Ղա­րա­բա­ղի մա­սին ար­տա­յայտուած է՝ զայն «­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի Ինք­նա­վար ­Հան­րա­պե­տու­թիւն» կո­չե­լով, ինչ որ ճիշդ չէ, քա­նի որ ­Ղա­րա­բա­ղի մէջ եր­բե՛ք ինք­նա­վար հան­րա­պե­տու­թիւն չէ ստեղ­ծո­ւած»։

­Հոն քննա­դա­տո­ւած են նաեւ ­Սու­րիոյ մէջ ռու­սա­կան ռազ­մա­կան օ­դա­նա­ւի զգետ­նու­մին եւ ­Քո­պա­նիի դէպ­քե­րուն վե­րա­բե­րեալ ­Տե­միր­թա­շի կա­տա­րած «ոչ-ուղ­ղա­փառ» յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը: