Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 18 Ապրիլին աշխատանքային այցելութիւն տուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն:
Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ զայն դիմաւորած են Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան, հայկական զոյգ հանրապետութիւններու պաշտպանութեան նախարարները եւ այլ պաշտօնատարներ: Նոյն օրը երեկոյեան, նախագահ Սերժ Սարգսեան Լ.Ղ.Հ. նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ խորհրդակցութիւն մը ունեցած է պաշտպանութեան բանակի բարձրագոյն սպայական կազմին հետ:
Քննարկուած է բանակաշինութեանն առնչուող հարցերու լայն շրջանակ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հ.Հ. նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը:
Լ.Ղ.Հ. նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ նախագահ Սահակեան նշած է, որ Լ.Ղ.Հ. պաշտպանունակութեան ամրապնդումը եւ բանակի մարտական պատրաստուածութեան մակարդակի շարունակական բարձրացումը այսուհետեւ պիտի ըլլայ պետութեան առջեւ ծառացած կարեւորագոյն խնդիրները: