Ապ­րիլ 14ի ե­րե­կո­յեան, ա­ւար­տե­լով եր­կօ­րեայ այ­ցը ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թիւն, Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Գա­րե­գին Բ. ­Կա­թո­ղի­կոս եւ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս վե­րա­դար­ձան ­Մայր Ա­թոռ Ս. Էջ­միա­ծին: Այս մա­սին կը տե­ղե­կա­նանք ­Մայր Ա­թոռ Ս. Էջ­միա­ծի­նի տե­ղե­կա­տո­ւա­կան ծա­ռա­յու­թե­նէն:

Այ­ցի ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցած հան­դի­պում­նե­րու եւ ա­րա­րո­ղու­թեանց ժա­մա­նակ, Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սը եւ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սը ի­րենց զօ­րակ­ցու­

թիւ­նը յայտ­նե­ցին Լ.Ղ.Հ. իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն, Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին ու պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կին՝ ա­ղօ­թե­լով, որ Աս­տուած խա­ղա­ղու­թիւն պար­գե­ւէ Ար­ցախ աշ­խար­հին:

­Գա­րե­գին Բ. ­Կա­թո­ղի­կոս Ար­ցա­խին փո­խան­ցած է ­Մայր Ա­թոռ Ս. Էջ­միա­ծի­նի եւ ա­նոր թե­մե­րուն կող­մէ հան­գա­նա­կո­ւած հինգ հա­րիւր հա­զար տո­լա­րի գու­մար մը: ­Նոյն­քան գու­մար Ա­րամ Ա ­Կա­թո­ղի­կոս փո­խան­ցած է նոյն նպա­տա­կին հա­մար՝ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան եւ ա­նոր թե­մե­րուն կող­մէ:
Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սի եւ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սի կո­չե­րով կազ­մա­կեր­պո­ւած հան­գա­նա­կու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կո­ւին թե­մե­րուն մէջ: