­altԾան­րա­մար­տի ­Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­քա­կան­նե­րը 17 Ապ­րի­լի ուշ գի­շե­րը վե­րա­դար­ձան ­Նոր­վե­կիա­յի ­Ֆոր­դէ քա­ղա­քէն, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ Եւ­րո­պա­յի ա­խո­յեա­նու­թեան մրցա­շա­րը։ ­Մեր ծան­րորդ­նե­րը փայ­լուն ներ­կա­յա­ցում ու­նե­ցան՝ գրա­ւե­լով

ա­ռա­ջին տե­ղը:

Ե­րե­ւա­նի ­Զո­ւարթ­նոց օ­դա­նա­ւա­կա­յա­նը հոծ բազ­մու­թիւն հա­ւա­քո­ւած էր: ­Մար­զա­սէր­նե­րը ե­կած էին դի­մա­ւո­րե­լու հայ ծան­րորդ­նե­րը:

­Բուռն ծա­փող­ջիւն­նե­րու եւ հայ­րե­նա­սի­րա­կան վան­կար­կում­նե­րու ներ­քոյ՝ հայ ծան­րոր­դ­նե­րը մտան սպաս­ման սրահ, ուր ա­նոնց ա­ռա­ջի­նը դի­մա­ւո­րե­ցին ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Ո­ղիմ­պիա­կան ­Կո­մի­տէի նա­խա­գահ ­Գա­գիկ ­Ծա­ռու­կեան ու Հ.Հ. մար­զա­կան եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան հար­ցե­րու նա­խարար ­Գաբ­րիէլ ­Ղա­զա­րեան։

­Հա­յաս­տա­նի մար­զա­կան ո­լոր­տի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն ստա­նա­լով ա­ռա­ջին շնոր­հա­ւո­րանք­ներն ու դափ­նեպ­սակ­նե­րը՝ հայ ծան­րորդ­ներն ա­րա­գօ­րէն շրջա­պա­տո­ւե­ցան ի­րենց սպա­սող հա­րա­զատ­նե­րով եւ մար­զա­սէր­նե­րով։

­Հայ ծան­րորդ­նե­րը նո­ւա­ճե­ցին 8 ոս­կի, 7 ար­ծաթ եւ 3 պրոնզ մե­տալ: ­Հա­յաս­տա­նի կա­նանց հա­ւա­քա­կա­նը 449 միա­ւո­րով դար­ձաւ Եւ­րո­պա­յի խում­բի ա­ռաջ­նու­թեան յաղ­թող, իսկ տղոց հա­ւա­քա­կա­նը երկ­րորդն է։

­Կա­նանց հա­ւա­քա­կա­նի կազ­մին մէջ Եւ­րո­պա­յի ա­խո­յեան դար­ձան Հ­ռիփ­սի­մէ ­Խուր­շու­դեան եւ ­Նա­զիկ Աւ­տա­լեան: ­Սո­նա ­Պօ­ղո­սեա­նը 4րդ ­տե­ղը գրա­ւեց, Ար­փի­նէ ­Դա­լա­լեան՝ 6րդ, Ան­նա ­Գո­վե­լեան՝ 9րդ, Ի­զա­պել­լա Եայ­լեան՝ 10րդ, եւ Ք­րիս­տի­նէ ­Պետ­րո­սեան՝ 5րդ:

­Ծան­րա­մար­տի ­Հա­յաս­տա­նի տղոց հա­ւա­քա­կա­նի ան­դամ Անդ­րա­նիկ ­Կա­րա­պե­տեան դար­ձաւ Եւ­րո­պա­յի ա­խո­յեան, իսկ ­Տիգ­րան ­Մար­տի­րո­սեան՝ Եւ­րո­պա­յի ա­ռաջ­նու­թեան փոխ-ա­խո­յեան։