­altՌու­սիոյ նա­խա­գահ Վ­լա­տի­միր ­Փու­թին ­Հինգ­շաբ­թի՝ 14 Ապ­րի­լին, ­Ռու­սիոյ քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն հետ «ու­ղիղ կապ»ի ժա­մա­նակ հար­ցու­մի մը պա­տաս­խա­նե­լով՝ յայ­տա­րա­րեց, որ իր եր­կի­րը շա­հագրգռուած է ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի հար­ցին լու­ծու­մով, սա­կայն վերջ­նա­կան ո­րո­շու­մը

պէտք է կա­յաց­նեն կող­մե­րը:

«(­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի տագ­նա­պը) շատ զգա­յուն նիւթ է, եւ ին­ծի կը թո­ւի, որ պէտք է շատ զգոյշ մօ­տե­նանք այդ նիւ­թին: Ա­տի­կա վա­ղե­մի խնդիր է, վա­ղե­մի տագ­նապ է: Ա­նի­կա սա­ռե­ցո­ւած վի­ճա­կի մէջ էր: ­Ցա­ւօք, տե­ղի ու­նե­ցաւ բռնու­թեան այդ պոռթ­կու­մը, եւ մենք պի­տի ը­նենք ա­մէն ինչ, որ­պէս­զի լու­ծենք զայն, գտնենք եր­կու կող­մե­րուն հա­մար ըն­դու­նե­լի լու­ծում: Ի հար­կէ, այս­տեղ անհ­րա­ժեշտ են ­Ղա­րա­բա­ղի վե­րա­բե­րեալ եր­կա­րա­ժամ­կէտ լու­ծում­ներ:

Ա­նոնք կրնան ձեռք բե­րո­ւիլ բա­ցա­ռա­պէս, կ­՛ու­զեմ ընդգ­ծել, քա­ղա­քա­կան մի­ջոց­նե­րով: ­Պէտք է գտնել փոխ-զի­ջում: Ին­ծի կը թո­ւէր, որ մենք քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ մօ­տե­ցած էինք այդ փոխ-զի­ջու­մը գտնե­լուն, սա­կայն ի յայտ ե­կաւ, որ ցա­ւօք, ա­տի­կա այդ­պէս չէ»,- ը­սաւ Վ­լա­տի­միր ­Փու­թին:

Ան ա­ւել­ցուց, որ ­Ռու­սիա պի­տի աշ­խա­տի մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու ծի­րին մէջ, ինչ­պէս նաեւ պի­տի շա­րու­նա­կէ ղա­րա­բա­ղեան տագ­նա­պի լուծ­ման հար­ցով գոր­ծու­նէու­թիւ­նը երկ­կողմ կար­գով: «­Ռու­սիա, ո՛վ որ ալ ինչ ը­սէ, շա­հագրգ­ռո­ւած է այդ խնդրի լուծ­ման հար­ցով, ո­րով­հե­տեւ մենք կ­՛ու­զենք լիար­ժէ­քօ­րէն աշ­խա­տիլ թէ՛ Ատր­պէյ­ճա­նի, թէ՛ ալ ­Հա­յաս­տա­նի հետ»,- յայտ­նեց ­Փու­թին: