altՉո­րեք­շաբ­թի՝ 13 Ապ­րիլ 2016ը պատ­մա­կան օր ե­ղաւ ար­ցա­խա­հա­յու­թեան հա­մար` Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Գա­րե­գին Բ. ­Կա­թո­ղի­կո­սի եւ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սի ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թիւն այ­ցե­լու­թեամբ: ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պետ­նե­րը, Ե­րե­ւա­նի

ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցով ժա­մը 12:00ին, ուղ­ղա­թի­ռով հա­սան ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թիւն, ուր դի­մա­ւո­րո­ւե­ցան Ար­ցա­խի թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Պար­գեւ Արք. ­Մար­տի­րո­սեա­նի, հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սուն եւ պե­տա­կան անձ­նա­ւո­րու­թեանց կող­մէ:

Ար­ցա­խի մեր ժո­ղո­վուր­դին այս ճգնա­ժա­մա­յին օ­րե­րուն, ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պետ­նե­րուն ­Ղա­րա­բաղ այ­ցե­լու­թիւ­նը նպա­տակ ու­նի զօ­րակ­ցե­լու ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն, հա­յոց ա­րի բա­նա­կին եւ Ար­ցա­խի հե­րոս ժո­ղո­վուր­դին:

Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Գա­րե­գին Բ. ­Կա­թո­ղի­կոսն ու ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սը յետ­մի­ջօ­րէին հա­սան ­Գան­ձա­սա­րի պատ­մա­կան վան­քը` ու­ղեկ­ցու­թեամբ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ա­շոտ ­Ղու­լեա­նի: Եր­կու ­Հայ­րա­պետ­նե­րը «Հ­րա­շա­փառ»ով մուտք գոր­ծե­ցին Ս. ­Յով­հան­նէս տա­ճար, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Կա­նո­նա­կան ա­ղօթք:

Ար­ցա­խի թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Պար­գեւ Արք. ­Մար­տի­րո­սեան բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պետ­նե­րուն: Ա­պա, ­Գա­րե­գին Բ. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը ըն­թեր­ցեց իր հայ­րա­պե­տա­կան պատ­գա­մը.- «Ե­կած ենք ա­ղօ­թե­լու մեր զի­նո­ւոր­նե­րու անվ­տանգ ու ա­պա­հով ծա­ռա­յու­թեան հա­մար: Ե­կած ենք զօ­րակ­ցու­թիւն բե­րե­լու ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն, ամ­բողջ ար­ցա­խա­հայ մեր ժո­ղո­վուր­դին` Ար­ցա­խի խա­ղաղ, լու­սա­ւոր կեան­քը կեր­տե­լու ի­րենց ջան­քե­րուն հա­մար: Ե­կած ենք` գօ­տեպն­դե­լու Ար­ցա­խի մեր ժո­ղո­վուր­դը, գօ­տեպն­դե­լով` նաեւ գօ­տեպն­դո­ւե­լու ար­ցա­խա­հա­յու­թեան ան­կոտ­րում կամ­քով եւ քա­ջա­րի ո­գիո­վը մեր զի­նո­ւոր­նե­րուն: ­Փա՛ռք քեզ ար­ցա­խա­հա­յու­թիւն, փա՛ռք քեզ հա­յոց բա­նակ: Հ­պարտ ենք ձեզ­մով, ձեր սխրանք­նե­րով, ձեր խի­զախ պա­հո­ւած­քով»:

Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը, հայ­րա­պե­տա­կան իր պատ­գա­մով՝ այս ա­ռի­թով հա­ւա­քուած Ար­ցա­խի մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն եւ զի­նո­ւո­րա­կան­նե­րուն ներ­կա­յու­թեան, իր զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նեց Ար­ցա­խի մեր ժո­ղո­վուր­դին եւ հա­յոց բա­նա­կին: Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս կոչ ուղ­ղեց ամ­բողջ հայ ժո­ղո­վուր­դին մէկ­տե­ղե­լու իր ու­ժե­րը` ի պաշտ­պա­նու­թիւն Ար­ցա­խի մեր ժո­ղո­վուր­դի ար­դար ի­րա­ւունք­նե­րուն եւ ը­սաւ.- «Ա­ռա­ջին ան­գամն է, որ Ար­ցախ կ’այ­ցե­լեմ, սա­կայն Ար­ցա­խը միշտ ե­ղած է ու կը մնայ սրտիս եւ հո­գիիս մէջ:

­Մենք ե­ղած ենք խա­ղա­ղա­սէր ժո­ղո­վուրդ եւ եր­բեք ու­րի­շին ի­րա­ւուն­քը չենք փոր­ձած խլել, սա­կայն չենք ար­տօ­նած միա­ժա­մա­նակ, որ մեր թշնա­մի­նե­րը մեր ար­դար ի­րա­ւունք­նե­րը ոտ­նա­հա­րեն: Թշ­նա­մին պէտք է լաւ ի­մա­նայ, որ Ար­ցա­խի մեր ժո­ղո­վուր­դը ա­ռան­ձին չէ, այլ ու­նի ամ­բողջ հայ ժո­ղո­վուր­դին զօ­րակ­ցու­թիւ­նը: ­Պատ­մու­թիւ­նը մեզ սոր­վե­ցու­ցած է, որ ճա­կա­տագ­րա­կան պա­հե­րուն միաս­նա­կան ու­ժը մեր մե­ծա­գոյն զէնքն է, հե­տե­ւա­բար այ­սօր եւս ամ­բողջ հայ ժո­ղո­վուր­դը միաս­նա­կան այս ու­ժը պի­տի օգ­տա­գոր­ծէ` զօ­րակ­ցե­լու Ար­ցա­խի մեր ժո­ղո­վուր­դին եւ պաշտ­պա­նե­լու մեր նա­հա­տակ­նե­րու ա­րիւ­նով սրբա­գոր­ծո­ւած հո­ղը»:

Եր­կու վե­հա­փառ հայ­րա­պետ­նե­րը այ­ցե­լե­ցին ­Գան­ձա­սար վան­քի ­Մես­րոպ ­Մաշ­տո­ցի ա­նո­ւան մա­տե­նա­դա­րանն ու «­Գան­ձա­սար» գի­տամ­շա­կու­թա­յին կեդ­րո­նը: Ա­պա, վան­քի շրջա­փա­կին մէջ ունկնդ­րե­ցին «­Վանք» գիւ­ղի դպրո­ցի ա­շա­կերտ­նե­րուն եւ զի­նո­ւոր­նե­րուն կող­մէ կա­տա­րո­ւած հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գերն ու աս­մունք­նե­րը, եւ օրհ­նե­լով զի­րենք խա­չիկ­ներ բաշ­խե­ցին:
­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պետ­նե­րը ­Գան­ձա­սա­րի վան­քէն ուղ­ղո­ւե­ցան Ս­տե­փա­նա­կեր­տի ­Զի­նո­ւո­րա­կան հի­ւան­դա­նո­ցը եւ այ­ցե­լե­ցին ու օրհ­նե­ցին հայ­րե­նի հո­ղի պաշտ­պա­նու­թեան ըն­թաց­քին վի­րա­ւո­րո­ւած հա­յոց բա­նա­կի մեր քա­ջա­րի զի­նո­ւոր­նե­րը:

Ե­րե­կո­յեան, ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեա­նի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պետ­նե­րը շրջա­գա­յե­ցան Ս­տե­փա­նա­կերտ քա­ղա­քի կեդ­րո­նա­կան մա­սը եւ ի­րա­զեկ դար­ձան քա­ղա­քի զար­գա­ցում­նե­րուն ու ա­պա­գայ ծրա­գիր­նե­րուն: Ա­պա, ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պետ­նե­րը ա­ռան­ձին հան­դի­պում մը ու­նե­ցան ­Ղա­րա­բա­ղի նա­խա­գա­հին հետ: ­Հան­դի­պու­մը ա­ռիթ ե­ղաւ, որ­պէս­զի նա­խա­գա­հը ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցէ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պետ­նե­րուն ­Ղա­րա­բա­ղի վեր­ջին ան­ցու­դար­ձե­րուն հետ առնչուած դէպ­քե­րուն եւ ա­նոնց հե­տե­ւանք­նե­րուն մա­սին:

Ա­ւե­լի ուշ, ի պա­տիւ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պետ­նե­րուն, ­Ղա­րա­բա­ղի նա­խա­գա­հը սար­քեց ընթ­րիք մը, ո­րուն ներ­կայ գտնո­ւե­ցան ­Ղա­րա­բա­ղի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գա­հը, վար­չա­պե­տը, նա­խա­րար­ներ, Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր­ներ եւ հա­յոց բա­նա­կի բարձ­րաս­տի­ճան հրա­մա­նա­տար­ներ: