Երեքշաբթի՝ 12 Ապրիլ 2016ի առաւօտուն, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Երեւանի նախագահական պալատին մէջ, հանդիպում ունեցաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ:
Նախագահ Սարգսեան Վեհափառ Հայրապետները տեղեակ պահեց Արցախի առնչուած վերջին զարգացումներուն մասին:
Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետները յանուն հայ եկեղեցւոյ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեանց իշխանութիւններուն եւ հայոց արի բանակին:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան նաեւ Վեհափառ Հայրապետներուն Արցախ կատարելիք յառաջիկայ այցելութեան վերաբերեալ հարցեր: