Ապրիլ 11ին Լ.Ղ.Հ. Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան ընդունեց Հ.Հ. Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ էդուարդ Շարմազանովին եւ անոր ուղեկցութեամբ Ստեփանակերտ ժամանած Յունաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր, Յունաս
տան-Հայաստան բարեկամական խումբի ղեկավար Գարիֆալիա Քանելլիին, Լատվիայի Հանրապետութեան Սաէյմայի պատգամաւոր, Լատվիա-Հայաստան բարեկամական խումբի ղեկավար Սերգէյ Պոտապկինին, Հ.Հ. Ա.Ժ. պատգամաւոր Գագիկ Մելիքեանին եւ Յունաստանի Հանրապետութեան մօտ Հ.Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գագիկ Ղալաչեանին:
Հանդիպման կը մասնակցէին Լ.Ղ.Հ. Ա.Ժ. նախագահի տեղակալ Վահրամ Բալայեան եւ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արզիկ Մխիթարեան։
Ողջունելով հիւրերը՝ Աշոտ Ղուլեան բարձր գնահատեց Յունաստանի եւ Լատվիայի խորհրդարանականներու այցը Արցախ այս օրերուն՝ ընդգծելով, որ անոնք առաջին օտարերկրեայ խորհրդարանականներն են, որոնք Ապրիլի սկզիբին ղարաբաղեան-ատրպէյճանական սահմանին Ատրպէյճանի նախաձեռնած լայնամասշտաբ ռազմական գործողութիւններէն ետք այցելեցին Արցախ:
Անդրադառնալով առաջնագիծին վրայ տիրող իրավիճակին՝ խորհրդարանի ղեկավարը նշեց.- «Ապրիլ 2-5 Ատրպէյճանի կողմէ նախաձեռնուած լայնածաւալ ագրեսիան որեւէ կերպ չի փոխել մեր դիրքորոշումը, հակառակը՝ աւելի է հաստատել անկախ, ինքնիշխան եւ ժողովրդավարական պետութիւնը ամրապնդելու մեր նպատակը»:
Հ.Հ. Ա.Ժ. փոխ-նախագահ էդուարդ Շարմազանովը իր կողմէ նշեց, որ այս կարճատեւ պատերազմը անգամ մը եւս հաստատեց Արցախի ժողովուրդին եւ ողջ հայութեան հաստատակամութիւնը՝ պաշտպանելու արցախցիներու արդար պայքարը յանուն ազատութեան եւ անկախութեան:
Յունաստանի խորհրդարանի պատգամաւոր Գարիֆալիա Քանելլին, իրենց այցը որակելով որպէս խորհրդարանականի պարտականութիւն, Ապրիլի սկիզբին տեղի ունեցածը համարած է ճգնաժամ ոչ միայն մարդու իրաւունքներու բնագաւառէն ներս, այլեւ՝ աշխարհի մէջ: Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ իրենք պիտի ընեն հնարաւորը, որպէսզի ուրիշի շահերու համար, այլեւս կեանքեր չզոհաբերուին:
Լատվիա Սաէյմայի պատգամաւոր Սերգէյ Պոտապկինը իր խօսքին մէջ կարեւոր համարեց այն հանգամանքը, որ Արցախի ժողովուրդը միայնակ չէ եւ եւրոպայի մէջ ունին համախոհներ, որոնք պիտի ընեն հնարաւորը՝ խնդիրը խաղաղ ճանապարհով լուծելու համար:
Մտքերու փոխանակման ընթացքին, խորհրդարանի նախագահը եւրոպացի խորհրդարանականներուն ներկայացուց արցախեան ազատագրական պայքարի պատմութիւնը եւ պատասխանեց անոնց արծարծած հարցերուն՝ կապուած Լ.Ղ.Հ. միջազգային ճանաչման գործընթացի եւ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովման հետ: