«Նիուզ» կը հաղորդէ, որ լրատուամիջոցներ հրապարակած են Ռուսիոյ կողմէ Հայաստանին ու Ատրպէյճանին վաճառուող սպառազինութեանց ցանկը: 2000 թուականէն Ատրպէյճան սկսած է աշխոյժ կերպով զէնք գնելու Ռուսիայէն, սակայն համաձայնագիրներու առաւել մեծ թղթածրար մը ստորագրուած է 2010ականներուն սկիզբը
եւ կը գնահատուի առնուազն չորս միլիառ տոլարով:
Անով՝ Պաքու ստացած է մօտաւորապէս 100 Տ-90ս հրասայլ, 100 հատ ՀՄՄ-3, 18 նմոյշ «Մստա Ս» 2ս եւ 19 մ1 ինքնագնաց հրետանային սարքաւորում, 18 նմոյշ «Վեսնա» 2ս31 ինքնագնաց հրետանային սարքաւորում, 18 նմոյշ 9ա52 «Սմերչ» տեսակի համազարկային կրակի համակարգ, 18 նմոյշ ՏՕՍ-1Ա «Սոլնցեպէոկ» ծանր հրանօթային համակարգ, 10 նմոյշ «Քրիզանթեմ Ս» հակահրասայլային մարտական մեքենայ եւ 300 նմոյշ «Իկլա Ս» շարժական զենիթահրթիռային համալիր` 1500 հրթիռներով եւ ճարտարագիտական-սակրաւորային մեծ համակարգ:
Այս մասին գրած է «Լենթա»: Բացի ատկէ՝ Ատրպէյճանին փոխանցուած են «Ֆաւորիտ» տեսակի Ս-300 Պմու-2 հեռահար զենիթահրթիռային համակարգի 2 գումարտակ եւ քանի մը մարտկոց «Տոր-Մ2» զենիթային համալիր: Ատրպէյճանցիները ստացած են 60 նմոյշ Մի-17 ուղղաթիռ եւ 24 նմոյշ Մի-35 մ հարուածային ուղղաթիռ: Հայաստանի գնած զէնքերու ցանկը աւելի համեստ բնոյթ ունի: Յայտնի է, որ վերջին տարիներուն Հայաստան ստացած է Տ-72 Բ նմոյշի 35 հրասայլ եւ չճշդուած նմոյշի 100 մարտական մեքենայ (փորձագէտները կը կարծեն, թէ ատիկա կրնայ ըլլալ զրահափոխադրիչ 80 կամ արդիական ՀՄՄ-2), 50 շարժական զենիթահրթիռային համալիրներ:
Աւելի կանուխ որոշում տրուած էր Երեւանին 200 միլիոն տոլար արտածման վարկ տրամադրելու` ռուսական սպառազինութիւններ գնելու համար: Գործարքը մինչեւ հիմա չէ կատարուած: Նախօրէին Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի հետ հանդիպման ընթացքին խնդրած էր արագացնել Հայաստանին զէնքի տրամադրման համաձայնագիրի կնքման հոլովոյթը:
«Մենք շնորհակալ ենք ռուսական կողմէն պետական արտահանման վարկի տրամադրման համար` Հայաստանի կարիքներուն համար զինուորական արտադրանքի մատակարարումը տնտեսաւորելու նպատակով: Սակայն, համաձայնութեան իրագործման հոլովոյթին մէջ կան որոշակի դանդաղումներ, այդ պատճառով ձեզմէ կը խնդրեմ «Ռոսոպորոն էքսփորթ»ին հրահանգներ տալ համաձայնագիրը կնքելու վերաբերեալ»,- ըսած է Աբրահամեան: