Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր Ֆրանք Էնկելը, ըստ Tert.amի, Blogactiv.euի մէջ հրապարակուած յօդուածով՝ անդրադարձած է Լեռնային
Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բախումներուն եւ նշած, որ այս յարձակումը շատ եղաւ եւ ժամանակն է ճանչնալու Լեռնայի Ղարաբաղի անկախութիւնը:
«Ատրպէյճանը կրկին խախտած է հրադադարը՝ այս անգամ լայնածաւալ յարձակման դրսեւորումով: Բեմագրութիւնը պատերազմական է. պատերազմ՝ որ Ատրպէյճան երկար ժամանակ կը փորձէր վերսկսիլ»,- գրած է Ֆրանք Էնկել:
Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորը նշած է, որ հակամարտութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի միջեւ է, այլ ոչ թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի, սակայն միջազգային հանրութիւնը կոչ կ’ուղղէ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ յարգելու հրադադարը այն պարագային, երբ ո՛չ Ղարաբաղը եւ ո՛չ ալ Հայաստանն են զայն խախտողները:
«Արդեօք Ատրպէյճա՞նն էր, որ խախտած է հրադադարը: Անկասկած, այո՛: Հակամարտող կողմերէն միայն Ատրպէյճանը շահ ունէր զայն խախտելու մէջ: Ղարաբաղը հաւանաբար չէր ցնծար խաղաղութեան համաձայնագրի հաստատման բացակայութեան հանգամանքէն, սակայն կը յարգէր զինադադարը: Ղարաբաղը «իրավիճակ» ունի: Հայաստանը չէր ուզեր սահմանագիծը հարցականի տակ դնել»,- գրած է Ֆրանք Էնկել: