altՀա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վար­չա­պետ ­Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի հրա­ւէ­րով՝ 7 Ապ­րի­լին պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ ­Հա­յաս­տան ժա­մա­նեց ­Ռու­սիոյ վար­չա­պետ Տ­

միթ­րի ­Մետ­վե­տեւ, ո­րուն գլխա­ւո­րած պաշ­տօ­նա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան մաս կը կազ­մէին ­Ռու­սիոյ բնա­կան պա­շար­նե­րու եւ կեն­սո­լորտ նա­խա­րար ­Սեր­գէյ ­Տոնս­քոյ, շի­նա­րա­րու­թեան եւ տնտե­սու­թեան նա­խա­րար ­Մի­խա­յիլ ­Մեն, փո­խադ­րու­թեան նա­խա­րար ­Մաք­սիմ ­Սո­քո­լով, ­Վո­լոկ­տա­յի նա­հան­գա­պետ Օ­լեկ ­Քուվ­շին­նի­քով, սպա­ռող­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան եւ մար­դու բա­րե­կե­ցու­թեան ո­լոր­տին մէջ վե­րահս­կո­ղու­թեան դաշ­նակ­ցա­յին ծա­ռա­յու­թեան ղե­կա­վար Ան­նա ­Փո­փո­վա, տնտե­սա­կան զար­գաց­ման նա­խա­րա­րի ա­ռա­ջին տե­ղա­կալ Ա­լեք­սէյ ­Լի­խա­չեւ, ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ ­Վա­սի­լի ­Նե­պեն­զեա, ե­լեւ­մուտ­քի նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ ­Սեր­գէյ Ս­թոր­չաք, ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ Ա­նա­թո­լի Եա­նովս­քի, «­Ռոս­կոս­մոս» պե­տա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցա­կա­նի գլխա­ւոր տնօ­րէն Ի­կոր ­Քո­մո­րով, «­Կազփ­րոմ»ի խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Ա­լեք­սէյ ­Միլ­լեր եւ պաշ­տօ­նա­տար այլ ան­ձեր: «­Զո­ւարթ­նոց» օ­դա­կա­յա­նին մէջ իր պաշ­տօ­նա­կի­ցը դի­մա­ւո­րած է ­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ ­Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան:

Ան­կէ ետք ­Ռու­սիոյ վար­չա­պե­տը այ­ցե­լած է ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լիր՝ յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցա­նե­լու հա­մար ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին: Ան ծաղ­կեպսակ զե­տե­ղած է յու­շա­հա­մա­լիրին առ­ջեւ, ա­պա՝ խո­նար­հած ան­մար կրա­կին մօտ: ­Ռու­սիոյ վար­չա­պե­տին կ­՛ըն­կե­րակ­ցէին ­Հա­յաս­տա­նի փոխ-վար­չա­պետ, մի­ջազ­գա­յին տնտե­սա­կան հա­մարկ­ման եւ բա­րե­փո­խում­նե­րու նա­խա­րար ­Վա­չէ ­Գաբ­րիէ­լեան եւ Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պետ ­Տա­րօն ­Մար­գա­րեան: ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ­Թան­գա­րան-­Հիմ­նար­կի տնօ­րէն ­Հայկ ­Դե­մո­յեան Տ­միթ­րի ­Մետ­վե­տե­ւին ներ­կա­յա­ցուց Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ՝ յու­շա­հա­մա­լի­րի կա­ռուց­ման մա­սին: