altԵ.Ա.Հ.Կ. եր­կիր­նե­րու դես­պան­նե­րուն հետ հան­դի­պե­լով՝ Հ.Հ. նա­խա­գա­հը ներ­կա­յա­ցու­ցած է ի­րա­վի­ճա­կը շփման գի­ծի եր­կայն­քին

 Ե­թէ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը շա­րու­նա­կո­ւին եւ ստա­նան լայ­նա­ծա­ւալ տա­րո­ղու­թիւն, ­Հա­յաս­տան պի­տի ճանչ­նայ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ան­կա­խու­թիւ­նը,- յայ­տա­րա­րեց ե­րէկ նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան՝ Ե.Ա.Հ.Կ. ան­դամ եր­կիր­նե­րու դես­պան­նե­րուն հետ իր հրա­ւի­րած հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ: «­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը` որ­պէս 1994 թո­ւա­կա­նի ­Զի­նա­դա­դա­րի ­Հա­մա­ձայ­նագ­րի կողմ, շա­րու­նա­կե­լու է լիար­ժէ­քօ­րէն կա­տա­րել ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի բնակ­չու­թեան անվ­տան­գու­թեան ա­պա­հով­ման իր պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը: Ա­ւե­լին, ես հրա­հան­գել եմ ար­տա­քին գոր­ծե­րի նա­խա­րա­րու­թեա­նը՝ աշ­խա­տել ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի հետ ռազ­մա­կան փոխ-օգնու­թեան պայ­մա­նա­գիր կնքե­լու ուղ­ղու­թեամբ:

Եւ այս­տեղ պէտք է նշեմ՝ մէկ ան­գամ չէ, որ ես յայ­տա­րա­րել եմ, որ ե­թէ, ի­րօք, ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը շա­րու­նա­կո­ւեն եւ ստա­նան լայ­նա­ծա­ւալ մասշ­տաբ, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը ճա­նա­չե­լու է ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ան­կա­խու­թիւ­նը»,- նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մի հա­սա­րա­կու­թեան եւ տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան մի­ջոց­նե­րու հետ կա­պե­րու վար­չու­թեան փո­խանց­մամբ՝ ը­սած է ­Սերժ ­Սարգ­սեան:

Ար­ցա­խի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան հա­ղոր­դած վեր­ջին տո­ւեալ­նե­րը

Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի գետ­նի վրայ տի­րող կա­ցու­թեան բա­ժի­նի պետ, գնդա­պետ ­Վի­տա­լի Ա­ռուս­տա­մեան լրագ­րող­նե­րուն հետ ու­նե­ցած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին փո­խան­ցած է, որ վեր­ջին չորս օ­րե­րուն տե­ղի ու­նե­ցող մար­տե­րուն իբ­րեւ հե­տե­ւանք, 4 Ապ­րի­լի ժա­մը 11ի դրու­թեամբ, հայ­կա­կան կող­մը ու­նի 20 զոհ, 26 ան­յայտ կոր­սո­ւած եւ 72 վի­րա­ւոր: ­Զո­հե­րէն մէ­կը ե­րե­խայ է, ե­րե­քը՝ չա­փա­հաս քա­ղա­քա­ցի։
Մար­տե­րու ըն­թաց­քին ատրպէյ­ճա­նա­կան կող­մը ու­նե­ցած է 300է ա­ւե­լի մե­ռեալ, իսկ վի­րա­ւոր­նե­րուն թի­ւը տա­կա­ւին կը ճշդո­ւի։

«­Հայ­կա­կան ո­րե­ւէ բնա­կա­վայր չի գտնւում ադր­բե­ջա­նա­կան վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ: Ի սկզբա­նէ ու­նե­ցել ենք 8 դիր­քի կո­րուստ, ո­րոն­ցից 5ը վե­րա­կանգ­նել ենք: Այն հա­տո­ւած­նե­րում, որ­տեղ թշնա­մին կա­րո­ղա­ցել է մխրճո­ւել, խո­րու­թիւ­նը կազ­մում է 200-300 մետր, եւ այն­տեղ բնա­կա­վայր չկայ: ­Սա նշա­նա­կում է, որ հայ­կա­կան ո­րե­ւէ բնա­կա­վայր չի գտնւում թշնա­մու վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ»,- նշած է գնդա­պե­տը:

Ն­շենք, որ Լ.Ղ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի մամ­լոյ խօս­նակ ­Սե­նոր ­Հաս­րա­թեան Եր­կու­շաբ­թի օր, լրագ­րող­նե­րու հետ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին, յայտ­նած է, որ «Ադր­բե­ջա­նի ա­ռաջ­խա­ղա­ղա­ցու­մը չի գե­րա­զան­ցել 300 մետ­րը: Այս պա­հին մենք ու­նենք 5 կորց­րած դիրք հա­րա­ւա­յին ուղ­ղու­թեամբ եւ 3ը՝ հիւ­սի­սա­յին»:
Գն­դա­պետ Ա­ռուս­տա­մեան ա­ւել­ցու­ցած է, որ Ապ­րիլ 4ին հա­կա­ռա­կոր­դը սկսած է օգ­տա­գոր­ծե­լու ա­ւե­լի մեծ զի­նա­տե­սակ­ներ, ա­ռա­ջին ան­գամն ըլ­լա­լով գոր­ծա­ծած է ռու­սա­կան ­Տօս-1 («­Սոլն­ցե­պեօկ»), սա­կայն վրի­պած է՝ նպա­տա­կին չհաս­նե­լով: Ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մը փոր­ձած է կի­րար­կել «­Կա­մի­կա­ձէ» (ինք­նա­կոր­ծա­նո­ւող ա­նօ­դա­չու սարք), սա­կայն հայ­կա­կան կող­մի հա­կաօ­դա­յին­նե­րը կրցած են զայն ոչն­չաց­նել:

Ըստ գնդա­պե­տին՝ ա­մէն ինչ սկսած է 1-2 Ապ­րիլ լուս­ցող գի­շե­րը, երբ հիւ­սի­սա­յին ուղ­ղու­թեամբ ներ­թա­փանց­ման-հետա­խու­զա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ կա­տա­րո­ւած են: Ա­ռա­ջին ժա­մե­րուն ար­ձա­կո­ւած է 1350 արկ «Գ­րադ», ինչ որ ան­նա­խա­դէպ է: ­Խօ­սե­լով ռազ­մա­կան սար­քա­ւո­րում­նե­րու կո­րուս­տին մա­սին՝ ան յայտ­նած է, որ հայ­կա­կան կող­մը կորսն­ցու­ցած է եօ­թը հրա­սայլ։
«Ադր­բե­ջա­նա­կան կող­մը կորցրել է 18 տանկ, եր­կու ուղ­ղա­թիռ, մէկ ին­ժե­նե­րա­կան տեխ­նի­կա, 3 հե­տե­ւա­կի մար­տա­կան մե­քե­նայ, 6 ա­նօ­դա­չու թռչող սարք, 1 Մմ-21 (գրա­դէ) կա­յան»,- հաս­տա­տած է ­Վի­տա­լի Ա­ռուս­տա­մեան։

Պաշտ­պա­նա­կան
ու­ժե­րը ծանր հա­րո­ւած­ներ կը հասց­նեն
ատր­պէյ­ճա­նա­կան
նա­խա­յար­ձակ ու­ժե­րուն.

Հայ հրե­տա­նա­ւոր­նե­րու դի­պուկ ու հե­ռա­հար կրա­կի տակ իյ­նա­լով` ատր­պէյ­ճա­նա­կան ամ­բող­ջա­կան ստո­րա­բա­ժա­նում­ներ, ո­րոնք պա­հես­տէն փոր­ձած են տե­ղա­փո­խո­ւիլ ա­ռաջ­նա­գիծ, ոչն­չա­ցո­ւած են: Այս մա­սին, Facebookի իր է­ջին վրայ, գրած է Հ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րի մամ­լոյ խօս­նակ Արծ­րուն ­Յով­հան­նի­սեան: Ն­շենք, որ ըստ Լ.Ղ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի մա­մու­լի ծա­ռա­յու­թեան վեր­ջին հա­ղոր­դագ­րու­թեան՝ ղա­րա­բա­ղեան ու­ժե­րը, հա­կա­ռա­կոր­դին պատ­ճա­ռե­լով զգա­լի կեն­դա­նի ու­ժի եւ զի­նո­ւո­րա­կան սար­քե­րու կո­րուստ­ներ, մար­տա­գի­ծի հիւ­սիս-ա­րե­ւե­լեան եւ հա­րաւ-արե­ւե­լեան ուղ­ղու­թիւն­նե­րով նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը վեր­ցու­ցած են ի­րենց ձեռ­քը:

Մենք միայ­նակ չենք, մե­զի հետ է նաեւ Ս­փիւռ­քը,
- կը յայ­տա­րա­րէ Լ.Ղ.Հ. վար­չա­պե­տը

Լ.Ղ.Հ. վար­չա­պետ Ա­րա­յիկ ­Յա­րու­թիւ­նեան, Ապ­րիլ 3ի ե­րե­կո­յեան, Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ դի­մա­ւո­րած է Ար­ցա­խի պաշտ­պա­նու­թեան գոր­ծին միա­նա­լու նպա­տա­կով ժա­մա­նած հա­զա­րա­ւոր կա­մա­ւոր­ներ: Ա­րա­յիկ ­Յա­րու­թիւ­նեան իր խօս­քին մէջ, մաս­նա­ւո­րա­պէս, ը­սած է.- «­Յար­գե­լի՛ հայ­րե­նա­կից­ներ, շնոր­հա­կա­լու­թիւն չեմ ը­սեր Ար­ցախ ժա­մա­նե­լու հա­մար, ո­րով­հե­տեւ հայ­րե­նի­քի պաշտ­պա­նու­թիւ­նը բո­լո­րիս պարտքն է: Այն միաս­նու­թիւ­նը, որ այ­սօր մենք կը տես­նենք, ի զօ­րու է ոչ միայն դի­մա­կա­յե­լու վեր­ջին օ­րե­րուն հա­կա­ռա­կոր­դին կող­մէ ձեռ­նա­րու­կած սադ­րան­քը, այ­լեւ՝ կրնայ լու­ծել շատ այլ կեն­սա­կան խնդիր­ներ: Եւ մեր պայ­քա­րին մէջ մենք միայ­նակ չենք, մե­զի հետ է նաեւ Ս­փիւռ­քը: Ա­տի­կա կը վկա­յեն հայ­կա­կան տար­բեր գաղ­թօ­ճախ­նե­րէ ստա­ցո­ւող բազ­մա­թիւ դի­մում­նե­րը, ո­րոնց­մով մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը ի­րենց ա­ջակ­ցու­թիւ­նը կը յայտ­նեն Ար­ցա­խին` ինչ­պէս մարդ­կա­յին, այն­պէս ալ նիւ­թա­կան ա­ռու­մով: Ար­ցա­խի կա­մա­ւոր­նե­րուն մէկ մա­սը ար­դէն մեկ­նած է ա­ռաջ­նա­գիծ, եւ ու­րախ ենք, որ ա­նոնց կը միա­նան հա­զա­րա­ւոր նոր կա­մա­ւոր­ներ` ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թե­նէն եւ Ս­փիւռ­քէն: Այս կեր­պով, վստա­հօ­րէն կրնանք յայ­տա­րա­րել, որ մենք ան­պար­տե­լի ենք, եւ յաղ­թա­նա­կը հաս­տատ մե­րը պի­տի ըլ­լայ»:

Պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րու
ձեռ­նար­կե­լու ժա­մա­նա­կը ե­կած է

Ֆ­րան­սա­յի մէջ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Յով­հան­նէս ­Գէոր­գեան, France24ի ե­թե­րով, ներ­կա­յա­ցու­ցած է Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի նկատ­մամբ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած յար­ձա­կում­նե­րը: ­Յով­հան­նէս ­Գէոր­գեան ժխտած է Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ միա­կող­մա­նի հրա­դա­դա­րի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը` նշե­լով.- «Չ­կայ հրա­դա­դար: Ա­նի­կա միայն յայ­տա­րա­րու­թիւն է Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ: Ատր­պէյ­ճա­նը այս պա­հէն ա­ռաջ 3 ժամ շա­րու­նակ ռմբա­կո­ծած է ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի քա­ղաք­նե­րը` յատ­կա­պէս ­Մար­տա­կեր­տը, որ կը գտնո­ւի հիւ­սի­սա­յին շրջա­նին մէջ, եւ կը սպան­նէ այս քա­ղա­քի խա­ղաղ բնա­կիչ­նե­րը»: ­Պա­տաս­խա­նե­լով հա­ղոր­դա­վա­րի հար­ցին, թէ չկա՞յ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան կող­մէ պաշտ­պա­նու­թիւն այս խնդրին գծով, Լ.Ղ. ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը մեկ­նա­բա­նած է, որ խնդրով կը զբա­ղի Ե.Ա.Հ.Կ. ­Մինս­քի Խմ­բա­կը, որ կը փոր­ձէ գտնել հա­կա­մար­տու­թեան լու­ծու­մը: «­Մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը հան­դէս ե­կած է յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով, սա­կայն ժա­մա­նա­կը ե­կած է, որ­պէս­զի Ատր­պէյ­ճա­նի նկատ­մամբ պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րու ձեռ­նար­կո­ւին, քա­նի որ, ինչ­պէս ար­դէն ը­սի, քա­ղա­քա­ցիա­կան բնակ­չու­թիւ­նը կը ռմբա­կո­ծո­ւի ու կը սպան­նո­ւի, եւ մենք չենք կրնար բա­ւա­րա­րո­ւիլ միայն յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով»: