ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոսթի-Արմէնիա».- ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարար Զօր. Մովսէս Յակոբեան  յայտարարած է, թէ ատրպէյճանական կողմը արժանի պատասխան պիտի ստանայ ԼՂՀի նկատմամբ իւրաքանչիւր   ոտնձգութեան պարագային:

Նշենք, որ Նոյեմբեր 19-20, Ղարաբաղի մէջ ատրպէյճանական կողմէ դիպուկահարներու կրակոցի հետեւանքով զոհուած են Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի ժամկէտային զինուորական երկու ծառայողներ՝ Արէն Սիմոնեան եւ Միհրան Մարգարեան:
«Այդպիսի դէպքերում, հակառակորդը միշտ արժանի պատիժ կը ստանայ եւ կը հասկանայ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հետ նման ոճով բանակցութիւններ վարելը կամ խօսելն անիմաստ է», ըսած է Յակոբեան:
Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարը նշած է նաեւ, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները, որոնք կը զբաղին ատրպեճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացով, նոյնպէս պատասխանատուութիւն կը կրեն, եւ պէտք է համապատասխան միջոցներու ձեռնարկեն՝ հետագային նմանատիպ դէպքերու բացառման համար: