Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, 30 Մարտին, Ժընեւի մէջ մասնակցած է Սուրիայէն գաղթականներու հարցերուն նուիրուած բարձր մակարդակի հանդիպումին:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը փոխանցէ, որ հանդիպման ներկայ էին շուրջ հինգ տասնեակ երկիրներու նախարարներ, բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ եւ բազմաթիւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ:
«Տարիներ շարունակ Սուրիոյ մէջ շարունակուող քայքայիչ պատերազմին հետեւանքով՝ հարիւր հազարաւոր սուրիացիներ ապաստան կը փնտռեն ամբողջ շրջանին մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս: Հայաստանը առաջին երկիրներէն մէկն էր, որ խստօրէն դատապարտեց ՏԱՀԵՇի, Նուսրայի եւ այլ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ Սուրիոյ փոքրամասնութիւններուն, անոնց շարքին` հայերուն եւ անոնց մշակութային ու կրօնական ժառանգութեան դէմ բարբարոսութիւնները: Վերոյիշեալ փոքրամասնութիւնները դարեր շարունակ այդ շրջանի բազմամշակութային, բազմազգ խճանկարին մաս կազմած են: Նախորդ տարի այստեղ` Մարդկային Իրաւանց Յանձնաժողովին մէջ, Հայաստան այդ գործողութիւնները բնորոշեց իբրեւ «քաղաքակրթութեան դէմ յանցագործութիւններ»ու,- իր խօսքին մէջ ըսած է նախարար Նալբանդեան:
Խօսելով Սուրիայէն Հայաստան ապաստանած սուրիահայերուն մասին` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը նշած է.- «Այսօր Սուրիայէն շուրջ 20 հազար գաղթականներ ապաստանած են Հայաստան` մեր երկիրը դարձնելով բնակչութեան թիւի յարաբերակցութեամբ սուրիացի գաղթականներ ընդունած երրորդ պետութիւնը Եւրոպայի մէջ:
Ասիկա զգալի թիւ է՝ ընդամէնը 3 միլիոն բնակչութիւն ունեցող երկիրի մը համար, որ մօտիկ անցեալին արդէն հարիւր հազարաւոր գաղթականներ ընդունած է Ատրպէյճանէն: Մենք լաւ գիտենք, թէ ի՞նչ կը նշանակէ գաղթական ըլլալ եւ ապաստան տալ մեծ թիւով տեղահանուածներու եւ, անշուշտ, այս քննարկումին կը մասնակցինք համերաշխութեան եւ պատասխանատուութեան բարձր զգացումով»,- շարունակած է նախարարը:
Այնուհետեւ Նալբանդեան հաստատած է, որ Հայաստան պիտի շարունակէ իր առաւելագոյնը ընել` հոգ տանելու Հայաստանի մէջ ապաստան գտած սուրիացիներուն.- «Մենք կ՛ողջունենք Հայաստանի օժանդակութեան տրամադրումը` Սուրիայէն հասած գաղթականներուն առաջնահերթ մարդասիրական կարիքները հոգալու եւ մեր երկրին մէջ անոնց համարկման աջակցելու նպատակով: Ատիկա կատարելու համար Հայաստանի կառավարութիւնը իրականացուցած է համապատասխան օրէնսդրական փոփոխութիւններ»: