alt«­Հա­յաս­տա­նի ­Զար­գաց­ման ­Նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ» (IDeA) բա­րե­գոր­ծա­կան հիմ­նադ­րա­մը եւ National Geographic Partners (NGP) ըն­կե­րու­թիւ­նը ստո­րագ­րած են փոխ-ըմբռն­ման յու­շա­գիր` ­Հա­յաս­տա­նի զբօ­սաշր­ջու­թեան ո­լոր­տի կա­յուն զար­գաց­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու նախ­նա­

կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն ի­րա­կա­նաց­նե­լու վե­րա­բե­րեալ,- կը հա­ղոր­դէ panarmenian.net: ­Նախ­նա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը պի­տի նե­րա­ռէ ­Հա­յաս­տա­նի մշա­կու­թա­յին եւ բնու­թեան գրաւ­չու­թիւն­նե­րու նե­րու­ժի զար­գաց­ման ուղ­ղո­ւած խորհր­դա­տո­ւու­թիւն­ներ` հիմ­նո­ւած կա­յուն զբօ­սաշր­ջու­թեան ե­րեք հիմ­նա­սիւ­նի վրայ:

2016ի Ապ­րի­լի վեր­ջը National Geographic Traveler ամ­սագ­րի խմբա­գիր ­Կոս­թաս Ք­րիս­թը պի­տի այ­ցե­լէ ­Հա­յաս­տան` յա­նուն National Geographicի զբօ­սաշրջու­թեան զար­գաց­ման նախ­նա­կան գնա­հա­տու­մը ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար: ­Կոս­թաս Ք­րիս­թը կա­յուն զբօ­սաշր­ջու­թեան ո­լոր­տին մէջ աշ­խար­հի ա­ռա­ջա­տար մաս­նա­գէտ­նե­րէն է: Ան կ­՛աշ­խա­տի National Geographicի զբօ­սաշր­ջա­յին խում­բի հետ, ուր հան­դէս կու գայ որ­պէս կա­յուն զբօ­սաշր­ջու­թեան եւ National Geographic Unique Lodges of the World ցան­ցի ար­տերկ­րի հա­շո­ւեքն­նու­թեան ղե­կա­վա­րի:

­Հա­յաս­տան կա­տա­րե­լիք հե­տա­զօ­տա­կան այ­ցի ծի­րէն ներս, Ք­րիս­թը պի­տի հան­դի­պի ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու, հա­մայնք­նե­րու ա­ռաջ­նորդ­նե­րու, գոր­ծա­րար­նե­րու եւ զբօ­սաշր­ջա­յին գոր­ծա­կա­լու­թիւն­նե­րու հետ` գնա­հա­տե­լու ­Հա­յաս­տա­նի մէջ կա­յուն զբօ­սաշր­ջու­թեան զար­գաց­ման այն­պի­սի հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք պի­տի ա­պա­հո­վեն երկ­րի տնտե­սա­կան ա­ճը` միա­ժա­մա­նակ ե­րաշ­խա­ւո­րե­լով բնու­թեան եւ հա­րուստ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան պահ­պա­նու­թիւն ու ա­նոնց փո­խան­ցու­մը գա­լիք սե­րունդ­նե­րուն:
«­Հա­յաս­տա­նը գե­ղե­ցիկ եր­կիր է, որ կրնայ հպարտ ըլ­լալ իր հա­րուստ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեամբ:

Այդ ժա­ռան­գու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լը եւ շրջա­կայ մի­ջա­վայ­րի մա­սին հոգ տա­նի­լը ա­ռանց­քա­յին նշա­նա­կու­թիւն ու­նին ­Հա­յաս­տա­նի կա­յուն զբօ­սաշր­ջու­թեան զար­գաց­ման ռազ­մա­վա­րու­թեան հա­մար` հա­յաս­տան­ցի­նե­րու ըն­կե­րատն­տե­սա­կան բա­րե­կե­ցու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու տե­սան­կիւ­նէն: ­Շու­տով պի­տի սկսիմ աշ­խա­տե­լու հե­ռուն նա­յող կազ­մա­կեր­պու­թեան` IDeA հետ, ­Հա­յաս­տա­նը աշ­խար­հին ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար»,- ը­սած է National Geographic Traveler ամ­սագ­րի խմբա­գի­րը: