Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան, 29 Մարտին, ընդունած է Վերակառուցման եւ Զարգացման Եւրոպական Դրամատան երեւանեան գրասենեակի ղեկավար Մարք Տէյվիսը: Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է դրամատան` Հայաստանի զարգացման իմաստով ծաւալած հսկայական գործունէութեան
համար: Նշելով, որ այս հանդիպումը առիթ է նաեւ խօսելու ցաւոտ հարցերու մասին, նախարարը մանրամասնօրէն անդրադարձած է շարք մը խնդիրներու, որոնք երկուստեք հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն:
Նախ կարեւոր նկատուած է համագործակցութիւնը` կառոյցի եւ նախարարութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրներու փոխ-համաձայնեցուած, համակարգուած գործունէութեան առումով, ինչ որ աւելի արդիւնաւէտ պիտի դարձնէ տուեալ ծրագիրին իրականացումը: Քննարկման նիւթ եղած են նաեւ դրամագլուխներու շուկաներու զարգացումն ու տեղական դրամանիշով տնտեսաւորման խթանման հարցերը: «Պետական կարգաւորման մարզին մէջ առեւտուրի եւ շուկաներու օրէնսդրական լիազօրութիւն ունենալով, մեր նախարարութեան կարեւոր խնդիրներէն մէկը այսօր դրամագլուխի շուկայի թեր-զարգացած վիճակի փոփոխութիւնն է:
Դժբախտաբար, Հայաստանի մէջ դրամագլուխի արդիւնաւէտ շուկայ չէ ձեւաւորուած, մինչդեռ ատիկա շուկայական տնտեսութեան առաջին հիմնական գրաւականն է: Այս ուղղութեամբ նախարարութիւնը նաեւ մեծածաւալ գործունէութիւն կը նախատեսէ իրականացնել` ապրանքային եւ ածանցեալներու շուկաներու նոր օրէնսդրութիւն մշակելու եւ կեանքի կոչելու առումով»,- նշած է Արծուիկ Մինասեան: Կիսելով մտահոգութիւնները ներկայացուած հարցերուն գծով` Մարք Տէյվիս հաստատած է դրամատան պատրաստակամութիւնը` համագործակցութիւնը խորացնելու: Հանդիպումին աւարտին կողմերը գոհունակութիւն յայտնած են առաջին հանդիպումին արդիւնաւէտ քննարկումներուն գծով: