alt28 ­Մար­տին սկսած է նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ տո­ւած պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը: ­Մա­սա­չու­սեց նա­հան­գին մէջ ան այ­ցե­լած է հա­յա­շատ Ո­ւո­թըր­թաուն քա­ղա­քը, ուր հա­յեր ան­ցեալ եր­կու դա­րե­րու ըն­թաց­քին հիմ­նած են ազ­գա­

յին լուրջ կա­ռոյց­ներ: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դեն նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նա­կան կայ­քէն:

­Նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան նախ հիւ­րըն­կա­լո­ւած է Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ­կա­կան Գ­րա­դա­րան-­Թան­գա­րա­նին մէջ, որ հիմնուած է 1971 թո­ւա­կա­նին: ­Թան­գա­րա­նը հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նող կա­րե­ւոր կա­ռոյց­նե­րէն է, ու­նի դրամ­նե­րու, յախ­ճա­պա­կեայ ի­րե­րու, խե­ցե­գոր­ծա­կան ի­րե­րու, գոր­գե­րու, կրօ­նա­կան պա­րա­գա­նե­րու, դրոշ­մա­թուղ­թե­րու, հիւ­սո­ւա­ծե­ղէ­նի, մե­տա­ղեայ ի­րե­րու, քար­տէս­նե­րու, տպա­գիր նիւ­թե­րու եւ միջ­նա­դա­րեան ման­րան­կար­չու­թեան հա­րուստ հա­ւա­քա­ծոյ:

­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հը շրջա­գա­յած է գրա­դա­րան-թան­գա­րա­նին մէջ, ծա­նօ­թա­ցած ցու­ցադ­րու­թեան դրո­ւած նմոյշ­նե­րուն, մշա­կու­թա­յին այս հաս­տա­տու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին զրու­ցած է պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն հետ: ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը գրա­դա­րան-թան­գա­րա­նի հա­ւա­քա­ծոն հա­մալ­րած է ­Ժան­սե­մի մէկ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեամբ, զոր նուի­րած է հաս­տա­տու­թեան:

­Նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան այ­նու­հե­տեւ այ­ցե­լած է ­Ռամ­կա­վար Ա­զա­տա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան «­Պայ­քար» եւ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան «­Հայ­րե­նիք» կեդ­րոն­նե­րը, ծա­նօ­թա­ցած յի­շեալ կեդ­րոն­նե­րուն մէջ ազ­գա­յին զոյգ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ծա­ւա­լած գոր­ծու­նէու­թեան ու ներ­կայ պայ­ման­նե­րուն:

­Պոս­թը­նի «­Հայ­րե­նիք»ը ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ա­րե­ւե­լեան ա­փի հնա­գոյն հայ­կա­կան կեդ­րոնն է, ուր հաս­տա­տո­ւած են Հ.Յ.Դ. ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ա­րե­ւե­լեան ա­փի Կ. ­Կո­մի­տէի գրա­սե­նեա­կը, ­Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թեան կեդ­րո­նը, ինչ­պէս նաեւ «­Հայ­րե­նիք» ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նի, «Ար­մի­նիըն Ո­ւիք­լի» եւ «­Հայ­րե­նիք» շա­բա­թա­թեր­թե­րու խմբագ­րա­տու­նե­րը: Հ.Յ.Դ. «­Հայ­րե­նիք» կեդ­րո­նին մէջ կը գտնո­ւի նաեւ կու­սակ­ցու­թեան ար­խի­ւը, ուր կը պա­հո­ւին 1918-1920 թո­ւա­կան­նե­րու ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան եւ յա­ջոր­դող տաս­նա­մեակ­նե­րուն Հ.Յ.Դ. գոր­ծու­նէու­թեան վե­րա­բե­րեալ նիւ­թե­րը:

­Շուրջ մէկ ժամ տե­ւո­ղու­թեամբ այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին, նա­խա­գահ ­Սարգ­սեան ու­նե­ցած է հան­դի­պում­ներ եւ զրոյց­ներ: ­Նա­խա­գա­հը դի­մա­ւո­րո­ւած է ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու Ա­րե­ւե­լեան շրջա­նի Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէին կող­մէ, գլխա­ւո­րու­թեամբ Կ.Կ.ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Հայկ Օ­շա­կա­նի: ­Ներ­կայ ե­ղած են նաեւ ու­ղե­կից միու­թիւն­նե­րը` Հ.Օ.Մ.ը, «­Հա­մազ­գա­յին»ը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը:

Այ­ցե­լու­թեան ա­ռա­ջին հանգրուանն էր ­Հա­յաս­տա­նի Ա. ­Հան­րա­պե­տու­թեան ար­խիւ­նե­րու սե­նեա­կը, ուր պա­տաս­խա­նա­տու դոկտ. Աս­պետ ­Քո­չի­կեան ման­րա­մաս­նօ­րէն փո­խան­ցած է հա­մա­պա­տաս­խան տե­ղե­կու­թիւն­ներ:

Ա­պա՝ նա­խա­գա­հը ուղ­ղո­ւած է 117ա­մեայ «­Հայ­րե­նիք»ի խմբագ­րա­տուն, ուր տե­սակ­ցած է անձ­նա­կազ­մին հետ: Ա­պա՝ տե­ղի ու­նե­ցած է հան­դի­պում ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու Ա­րե­ւե­լեան շրջա­նի Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէին հետ: Այս ա­ռի­թով՝ ­Հայկ Օ­շա­կան նա­խա­գա­հին յանձ­նած է յու­շա­նո­ւէր, որ 1919ի պատ­մա­կան լու­սան­կար մըն է, ուր ­Հա­յաս­տա­նի Ա. ­Հան­րա­պե­տու­թե­նէն պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը այ­ցե­լած էր ­Պոս­թըն: ­Նաեւ այս հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին, Հ. Օ­շա­կան «­Սար­դա­րա­պատ» շքան­շա­նով մե­ծա­րած է տա­րի­ներ շա­րու­նակ գա­ղու­թին մէջ ծա­ռա­յած ­Զոհ­րապ ­Թա­զեա­նը:

Ար­ծար­ծո­ւած են զա­նա­զան հար­ցեր, ո­րոնց կար­գին` ­Հա­յաս­տա­նի ներ­կայ քա­ղա­քա­կան ի­րա­վի­ճակն ու Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցը:
­Նա­խա­գահ ­Սարգ­սեան ող­ջու­նած եւ հա­ւա­սա­րա­պէս կա­րե­ւոր նկա­տած է ազ­գա­յին կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն ազ­գա­նո­ւէր գոր­ծու­նէու­թիւնն ու յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թած բո­լո­րին:
­Նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ այ­ցե­լու­թեան ա­ռա­ջին օ­րը այ­ցե­լած է նաեւ ­Պոս­թը­նի Ս. Ս­տե­փա­նոս եւ Ս. Եր­րոր­դու­թիւն հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րը:

Ն­շենք, որ 1991ին, Ո­ւո­թըր­թաու­նի հայ­կա­կան հա­մայն­քին ա­ռա­ջար­կով, Ս. Ս­տե­փա­նոս ե­կե­ղեց­ւոյ փո­ղո­ցը վե­րա­նո­ւա­նո­ւած է «Ար­ցախ», իսկ 6 Օ­գոս­տոս 2012ին ­Մա­սա­չու­սեց նա­հան­գի ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ­Տու­նը ըն­դու­նած է բա­նա­ձեւ, ո­րով կոչ կ­՛ուղ­ղո­ւի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հին եւ ­Քոնկ­րէ­սին` ա­ջակ­ցե­լու ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ան­կա­խու­թեան եւ ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քին:

Ս. Եր­րոր­դու­թիւն ե­կե­ղե­ցի տո­ւած այ­ցե­լու­թեամբ, 28 ­Մար­տին, ա­ւար­տած է ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հին աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեան ա­ռա­ջին օ­րը: ­Նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան ե­կե­ղեց­ւոյ պա­տուոյ հիւ­րե­րու գիր­քին մէջ կա­տա­րած գրառ­ման մէջ ընդգ­ծած է հա­յոց ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը հա­յա­պահ­պա­նու­թեան ա­ռու­մով` չա­փա­զանց կա­րե­ւոր նկա­տե­լով այդ պատ­մա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը:

29 մար­տին ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հը այ­ցե­լած է ­Պոս­թը­նի ­Հին հիւ­սի­սա­յին ե­կե­ղե­ցի, ո­րուն հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Ս­տե­ֆան Ա­յըր­սի եւ հայ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ մա­տու­ցո­ւած է սուրբ պա­տա­րագ: Այս ե­պիս­կո­պո­սա­կան ե­կե­ղե­ցին էր, որ 18րդ ­դա­րուն ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով ար­տօ­նու­թիւն տուաւ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ գաղ­թած հա­յու­թեան, որ հոն պա­տա­րագ մա­տու­ցեն:

­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հին ­Հին հիւ­սի­սա­յին ե­կե­ղե­ցի այ­ցե­լու­թեան նպա­տակն էր յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցա­նել ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ան­կա­խու­թեան խորհր­դա­նիշ­նե­րէն մէ­կուն եւ գնա­հա­տել հա­յե­րուն նկատ­մամբ այս ե­կե­ղեց­ւոյ եւ, առ­հա­սա­րակ, անկ­լի­քան ե­կե­ղեց­ւոյ բա­րեա­ցա­կամ վե­րա­բեր­մուն­քը:
­Նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան այ­նու­հե­տեւ այ­ցե­լած է «­Հայ­կա­կան ­Ժա­ռան­գու­թեան ­Պու­րակ», որ հիմնուած է ի յի­շա­տակ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ ա­նոր հե­տե­ւած այլ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու զո­հե­րուն, ինչ­պէս նաեւ՝ ի փա­ռա­բա­նումն ­Մա­սա­չու­սե­ցի եւ ­Պոս­թը­նի մէջ ա­պաս­տա­նած ա­մե­րի­կա­հա­յե­րու եւ այլ ներ­գաղ­թեալ հա­մայնք­նե­րու մեծ ներդ­րու­մին:

­Պու­րա­կի հիմ­նադ­րու­թեան մէջ մեծ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցած ­Մա­սա­չու­սե­ցի նախ­կին նա­հան­գա­պետ ­Փաթ­րիք ­Տե­ւա­լի, ­Պոս­թը­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը հա­մա­կար­գող ­Մա­սա­չու­սե­ցի ­Կո­մի­տէի հա­մա­նա­խա­գահ ­Ճէյմս ­Գա­լուս­տեա­նի, պու­րա­կի կա­ռու­ցու­մը կա­տա­րած «­Հա­յոց ­Ժա­ռան­գու­թիւն» հիմ­նադ­րա­մի գոր­ծա­դիր կո­մի­տէի ան­դամ, ­Միտլ­սեքս շրջա­նի շե­րիֆ ­Փի­թըր ­Քու­թու­ջեա­նի, հիմ­նադ­րա­մի այլ ան­դամ­նե­րու եւ հայ գա­ղու­թի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հը շրջա­գա­յած է քա­ղա­քա­յին զբօ­սայ­գիին մէջ, ուր կը գտնո­ւի «­Հայ­կա­կան ­Ժա­ռան­գու­թեան ­Պու­րակ»ը, այ­ցե­լած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շա­հա­մա­լիր` ծաղ­կեպ­սակ զե­տե­ղած եւ յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցա­նած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին: Ա­ւար­տին նա­խա­գահ ­Սարգսեան նաեւ յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցա­նած է Ող­ջա­կի­զու­մի յու­շար­ձա­նին մօտ: