altՀա­յաս­տա­նի տա­րած­քա­յին կա­ռա­վար­ման եւ զար­գաց­ման նա­խա­րար Դա­ւիթ Լո­քեան 26 Մար­տին աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւն տո­ւաւ Ա­րա­գա­ծոտ­նի մարզ, ուր մարզ­պետ Գաբ­րիէլ Գէօ­զա­լեա­նի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ շրջա­գա­յե­ցաւ մար­զի Թա­թուլ, Հա­ցա­շէն, Սու­սեր, Զա­րին­ջա, Նոր Ար­

թիկ, Ցա­մա­քա­սար գիւ­ղե­րուն մէջ` ծա­նօ­թա­նա­լով տո­ւեալ շրջան­նե­րու դի­մագրա­ւած հար­ցե­րուն:

Յատ­կան­շա­կան է, որ ընտ­րո­ւած շրջան­նե­րը մար­զի կեդ­րո­նէն հե­ռու են եւ ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան ծանր պայ­ման­ներ կը դի­մագ­րա­ւեն: Նա­խա­րա­րի հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին, շրջա­նի բնա­կիչ­նե­րը եւ գիւ­ղա­պետ­նե­րը անդ­րա­դար­ձած են ա­ռաջ­նա­հերթ լու­ծում պա­հան­ջող խնդիր­նե­րուն:

Թա­թուլ հա­մայն­քի բնա­կիչ­նե­րուն հա­մա­ձայն, գիւ­ղին մէջ ա­ռաջ­նա­հերթ է կա­թի հա­մար նա­խա­տե­սուած յա­տուկ սառ­նա­րան­նե­րու ա­պա­հո­վու­մը: Ա­նոնք խօ­սե­ցան նաեւ ա­նաս­նա­կե­րի բարձր գի­նե­րուն մա­սին: Նա­խա­րա­րը խոս­տա­ցաւ քննար­կել եւ ե­թէ կա­րե­լի ըլ­լայ գիւ­ղին գո­նէ եր­կու սառ­նա­րան տրա­մադ­րել, իսկ ինչ կը վե­րա­բե­րի ա­նաս­նա­կե­րի (թեփ) բարձր գի­նին, Դա­ւիթ Լո­քեան նշեց, թէ այս հար­ցը առ­կայ է նաեւ միւս գիւ­ղե­րուն մէջ, ուս­տի ի­րենք կը փոր­ձեն յստա­կաց­նել ա­նաս­նա­կե­րի նե­րած­ման կա­պո­ւած խնդիր­նե­րը եւ լու­ծում տալ ա­նոնց:

Քն­նար­կո­ւե­ցաւ նաեւ քա­նի մը գիւ­ղե­րու հա­մար ալ­րա­ղաց կա­ռու­ցե­լու, ինչ­պէս նաեւ Թա­լի­նի մէջ սպան­դա­նոց հիմ­նե­լու հար­ցը, ինչ որ ո­րոշ չա­փով պի­տի թե­թեւց­նէ գիւ­ղա­ցի­նե­րուն բե­ռը: Թա­լի­նի շրջա­նի գիւ­ղե­րու բնա­կիչ­նե­րը, հրա­տապ լու­ծում պա­հան­ջող խնդիր­նե­րէն, յա­տուկ կեր­պով անդ­րա­դար­ձած են ճամ­բա­նե­րու նո­րո­գու­թեան հար­ցին: Կարգ մը գիւ­ղե­րու մէջ ճամ­բա­նե­րու անմ­խի­թար վի­ճա­կին պատ­ճա­ռով կա­րե­լի չ­՛ըլ­լար եր­թե­ւե­կել, ուս­տի կաթ մթե­րող­նե­րը կը մեր­ժեն այդ գիւ­ղե­րը եր­թալ:

Հա­մայն­քա­պե­տե­րուն հետ ու­նե­ցած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին նա­խա­րար Դա­ւիթ Լո­քեան ու­զեց գիտ­նալ, թէ ի՛նչ յստակ ծրա­գիր­նե­րու կա­րիք կայ` մեկ­նե­լով տուեալ գիւ­ղին դի­մագ­րա­ւած հար­ցե­րէն: