altՄարտ 25ին Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի Տուն» 2016թ.

ծրագրի պատասխանատուներու մամլոյ ասուլիսը:

Բանախօսներն էին Հ.Հ. սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան եւ նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար, «Արի Տուն» ծրագրի համակարգող Ֆիրդուս Զաքարեան:
Հ.Հ. սփիւռքի նախարարի տեղակալը շնորհակալութիւն յայտնեց լրագրողներուն ծրագրի հանդէպ ունեցած հետաքրքրութեան համար եւ շեշտեց, որ «Արի Տուն»ը ոչ թէ հայրենադարձութեան, այլ հայրենաճանաչութեան ծրագիր է, որու նպատակն է աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդներուն ճանաչելի դարձնել Հայաստան-Հայրենիքը, անոնց մէջ սերմանել ազգային ինքնութեան գիտակցութիւն, ծանօթացնել ժողովուրդի աւանդոյթներուն ու սովորոյթներուն:
Ս. Սրապիոնեան լրագրողներուն կոչ ուղեց մասնակցիլ ծրագրի բոլոր փուլերուն, համակողմանիօրէն  լուսաբանել Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան՝ իր տեսակի մէջ եզակի այս ծրագիրը: Նշեց, որ թէ՛ սփիւռքեան, թէ՛ հայաստանեան Զ.Լ.Մ.ները մեծապէս նպաստած են ծրագրի կայացման:
«Արի Տուն-2016» ծրագիրը ներկայացուց նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան: Ան նշեց, որ «Արի Տուն» ծրագրին մասնակցիլ ցանկացողներու թիւը տարուէ տարի կþաճի, ընդլայնուած է նաեւ երկիրներու աշխարհագրութիւնը:
2016ին կը սպասուի 13-18 տարեկան շուրջ 1100 սփիւռքահայ երիտասարդի մասնակցութիւն: Ծրագրի մանրամասներու մասին կարելի է տեղեկանալ «aritun.am» կայքէն:
Աշխատակազմի ղեկավարը ընդգծեց, որ «Արի Տուն - 2016»  ծրագրի մեկնարկը արդէն տրուած է, տեղեկատուական ծրարը ուղարկուած է սփիւռքեան կառոյցներուն, եւ ստացած են մասնակցիլ ցանկացողներու՝ այս ժամանակահատուածի համար անհամեմատ շատ յայտադիմումներ:
2016թ. եւս «Արի Տուն»ը կþիրականանայ հայաստանեան ընտանիքներու մէջ հիւրընկալութեան, Հայաստանի պատմական ու տեսարժան վայրեր շրջագայութիւններու՝ 9օրեայ եւ ճամբարային հանգիստի՝ 5օրեայ ծրագրով: Սփիւռքահայ պատանիներն ու աղջիկները կը ծանօթանան Հայաստանի պատմամշակութային յուշարձանները, թանգարանները, տեսարժան վայրերը (նախատեսուած են շրջայցեր 5 ուղղութիւններով՝  Օշական-Աշտարակ-Մուղնի, Սարդարապատ-Էջմիածին-Զուարթնոց, Գառնի-Գեղարդ, Խոր Վիրապ-Նորավանք եւ  Սեւան): Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը արիտունցիները կþանցընեն հիւրընկալ ընտանիքներու մէջ, իսկ վերջին 5 օրը՝ «Արի Տուն» ճամբար: Կը կազմակերպուին հայոց լեզուի դասընթացներ, այցելութիւններ թանգարաններ, շրջայցեր դէպի Հայաստանի տեսարժան վայրեր: