altՌու­սիոյ վար­չա­պետ Տ­միթ­րի Մետ­վե­տեւ 7-8 Ապ­րի­լին պի­տի այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան՝ Եւ­րա­սիա­կան Միջ-կա­ռա­վա­րա­կան Խոր­հուր­դի յա­ռա­ջի­կայ նիս­տին մաս­նակ­ցե­լու հա­մար:

 

Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան հետ բա­նակ­ցու­թեանց ըն­թաց­քին նա­խա­տե­սո­ւած է քննար­կել երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հե­ռան­կար­նե­րը՝ ա­ռեւտրատն­տե­սա­կան, ներդրու­մա­յին, ու­ժա­նիւ­թի, ար­դիւ­նա­բե­րա­կան, մշա­կու­թա­յին, մար­դա­սի­րա­կան եւ այլ բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ։

Նա­խա­տե­սո­ւած է նաեւ միջ-կա­ռա­վա­րա­կան եւ միջ-գե­րա­տես­չա­կան փաս­տա­թուղ­թե­րու ստո­րագ­րու­թիւն:

8 Ապ­րի­լին Ռու­սիոյ վար­չա­պե­տը պի­տի մաս­նակ­ցի Ե­րե­ւա­նի մէջ կա­յա­նա­լիք Եւ­րա­սիա­կան Միջ-կա­ռա­վա­րա­կան Խոր­հուր­դի նիս­տին, ո­րուն օ­րա­կար­գին վրայ պի­տի ըլ­լան եւ­րա­սիա­կան տնտե­սա­կան հա­մարկ­ման խո­րաց­ման առն­չո­ւող ա­ռաջ­նա­յին հար­ցեր