Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի ներ­կա­յու­թեամբ, կա­ռա­վա­րու­թեան շէն­քին մէջ այ­սօր ստո­րագ­րո­ւած է «­Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան եւ Քո­ւէյ­թի Պե­տու­թեան մի­ջեւ քրէա­կան գոր­ծե­րով փո­խա­դարձ ի­րա­ւա­կան օգ­նու­թեան մա­սին» միջ­պե­տա­կան հա­մա­ձայ­նա­գի­րը: Փաս­տա­թուղ­թը ստո­րագ­րած են Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րար Ար­փի­նէ Յով­հան­նի­սեան եւ Քո­ւէյ­թի Պե­տու­թեան ար­դա­րա­դա­տու­թեան, կրօ­նա­կան կա­լո­ւածք­նե­րու եւ իս­լա­մա­կան հար­ցե­րու նա­խա­րար Եա­քուպ Ապ­տըլ ալ-­Մոհ­սեն ալ-­Սա­նիէ:

Այս մա­սին կը տե­ղե­կաց­նեն Հ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թեան մամ­լոյ եւ կա­պի վար­չու­թե­նէն: Վար­չա­պե­տը ող­ջու­նած եւ կա­րե­ւոր հա­մա­րած է հա­մա­ձայ­նագ­րի ստո­րագ­րու­մը` ընդգ­ծե­լով, որ քա­ղա­քա­կան, ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ այլ ո­լորտ­նե­րուն զու­գա­հեռ՝ կա­րե­ւոր է նաեւ ի­րա­ւա­կան դաշ­տի կար­գա­ւո­րու­մը: Կա­ռա­վա­րու­թեան ղե­կա­վա­րը հա­մո­զո­ւած է, որ ի­րա­ւա­կան դաշ­տին մէջ փոր­ձի փո­խա­նա­կու­մը եւ փոր­ձա­գէտ­նե­րու փո­խայ­ցե­լու­թիւն­նե­րը պի­տի ամ­րապն­դեն Հա­յաս­տա­նի եւ Քո­ւէյ­թի բա­րե­կա­մա­կան փոխ-գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ պի­տի նպաս­տեն տար­բեր ո­լորտ­նե­րու մէջ կա­պե­րու զար­գա­ցու­մին: