altԼ.Ղ.Հ. Ս­տե­փա­նա­կեր­տի թիւ 9 դպրո­ցի վե­րա­նո­րո­գու­մը, որ սկսած էր 2015ի Օ­գոս­տո­սին, կ­՛ի­րա­կա­նա­ցո­ւի «­Հա­յաս­տան» ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մի Ա.Մ.Ն. ա­րեւմ­տեան շրջա­նի տե­ղա­կան մարմ­նի (բա­րե­րար ­Ճե­րըլտ ­Թուր­փան­ջեան) եւ Լ.Ղ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թեան

հա­մատն­տե­սա­ւո­րու­մով:

Դպ­րո­ցի մէկ յար­կին տակ կը գոր­ծեն հան­րակր­թա­կան, նե­րա­ռա­կան եւ նա­խակր­թա­կան բա­ժին­նե­րը: ­Հոն կ­՛ու­սա­նին 385 ա­շա­կերտ­ներ, ո­րոնց­մէ ի­նը` խօս­քի եւ լսո­ղա­կան խան­գա­րում­ներ, 20ը յա­տուկ կա­րիք ու­նե­ցող: 52 ե­րե­խայ կը ստա­նայ նա­խադպրո­ցա­կան կրթու­թիւն:
­Մինչ շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­ներ կ­՛ըն­թա­նան դպրո­ցի ա­ռա­ջին եւ երկ­րորդ մաս­նա­շէն­քե­րուն մէջ, սա­նե­րը ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս կը յա­ճա­խեն եր­րորդ մաս­նա­շէնք:

Դպ­րո­ցի տնօ­րէն Ար­թուր Ան­տո­նեան կը մեկ­նա­բա­նէ.- «1974ից այս կողմ շէն­քը կա­պի­տալ (հիմ­նո­վին) վե­րա­նո­րոգ­ման չէր են­թար­կո­ւել եւ գտնւում էր խիստ վթա­րա­յին վի­ճա­կում:
Այդ պայ­ման­նե­րում, ի հար­կէ, հնա­րա­ւոր չէր ար­դիւ­նա­ւէտ ի­րա­կա­նաց­նել ու­սու­մը եւ կազ­մա­կեր­պել դպրո­ցա­կան մի­ջո­ցա­ռում­ներ:

­Խո­րա­պէս շնոր­հա­կալ ենք մեր բա­րե­րար­նե­րին եւ ­Հիմ­նադ­րա­մին՝ այս նա­խա­ձեռ­նու­թեան հա­մար: Չ­նա­յած նե­ղո­ւած­քին` ա­նում ենք հնա­րա­ւո­րը դպրո­ցա­կան կեան­քը բնա­կա­նոն շա­րու­նա­կե­լու հա­մար: Օ­րի­նակ, ամ­սո­ւայ սկզբին անց­կաց­րե­ցինք ­Մայ­րե­նիի տօ­նին նո­ւի­րո­ւած քա­ղա­քա­յին մի­ջո­ցա­ռում, ին­չի հա­մար նա­խա­րա­րու­թեան կող­մից ար­ժա­նա­ցանք պա­տո­ւոգ­րի»: Ինչ­պէս կը տե­ղե­կաց­նեն հիմ­նադ­րա­մէն, շէն­քը ամ­բող­ջու­թեամբ կ­՛ամ­րա­ցո­ւի. ­կը կա­տա­րո­ւի ար­տա­քին պա­տե­րու ներ­սի եւ դուր­սի մա­կե­րես­նե­րուն ամ­րա­ցու­մը, կը շա­րո­ւին ներ­քին պա­տե­րը, կ­՛ու­ժե­ղա­ցո­ւին յա­տակ­նե­րը:

­Զու­գա­հեռ կ­՛ի­րա­կա­նա­ցո­ւին գա­ջի սո­ւաղ­ման (ծեփի) աշ­խա­տանք­ներ: ­Կը կազ­մա­քան­դո­ւի 2րդ ­մաս­նա­շէն­քի տա­նի­քը` նո­րը կա­ռու­ցե­լու նպա­տա­կով: Սկ­սած է նոր կաթ­սա­յա­տան կա­ռու­ցու­մը, մար­զա­դահ­լի­ճի վե­րա­կա­ռու­ցու­մը: Աշ­խա­տանք­ներ կը տա­րո­ւին նաեւ բա­ցօ­թեայ մար­զա­կան հրա­պա­րա­կի շրջա­կայ տա­րած­քի բա­րե­կարգ­ման ուղ­ղու­թեամբ»: